ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ՔԱՐԻՒՂԻ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ
Նորվեկիոյ քարիւղի «Statoil» ընկերութիւնը այս շրջանին իրերայաջորդ կը դադրեցնէ Ատրպէյճանի հետ առընչակից գործարքները։ Մօտաւոր անցեալին այս ընկերութիւնը որոշած էր հրաժարիլ Անդրանատոլեան կազամուղ խողովակաշարի կառուցման նախագծէն։ Այս ծրագիրը կը նախատեսէ Ատրպէյճանի բնական կազը Թուրքիոյ վրայով հասցնել Եւրոպա։
Յիշեալ որոշումէն անմիջապէս վերջ նորվեկական ընկերութիւնը որոշեց նաեւ վաճառել Անդրադրիական կազամուղի նախագծի իր շահաբաժինը։ Այդ ծրագիրը կը նախատեսէ Ատրպէյճանի բնական կազը փոխադրել Եւրոպա եւ անոր շրջագծին մէջ 20 տոկոս մասնաբաժին մը ունէր նորվեկական ընկերութիւնը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի նաւթի պետական ընկերութեան՝ ՍՕՔԱՐ-ի նախագահ Ռովնաք Ապտուլլաեւ «Րէօյթըրզ» գործակալութեան յայտարարեց, որ արդէն գոյութիւն ունին «Statoil» ընկերութեան մասնաբաժինը ձեռք բերել փափաքողներ։ Իսկ նորվեկական ընկերութիւնը հրաժարած է մեկնաբանելէ իր մասնաբաժինը վաճառելու վերաբերեալ տեղեկութիւնը։ Ընկերութեան պատասխանատուները «Րէօյթըրզ»ին յայտարարած են, որ իրենք սովորաբար չեն մեկնաբաներ իրենց գործարքները։
«Statoil» Ատրպէյճանի «Շահտենիզ» հանքին մէջ իր ունեցած մասնաբաժինը անցեալ Ապրիլի 30-ին վաճառած էր Մալեզիոյ «Փեթոնաս» ընկերութեան եւ հեռացած՝ Ատրպէյճանէն։