ՈՉ ԵՒՍ Է ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Պէյ­րու­թի «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թը տե­ղե­կա­ցուց, թէ լի­բա­նա­նա­հայ հա­մայն­քը ու­նե­ցած է ցա­ւա­լի կո­րուստ մը։ Այս­պէս, ե­րէկ կէս գի­շե­րին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց լի­բա­նա­նա­հայ ներ­հուն մտա­ւո­րա­կան եւ բա­նաս­տեղծ՝ Սար­գիս Կի­րա­կո­սեան:

Ժա­մա­նա­կա­կից հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան կար­կա­ռուն դէմ­քե­րէն Սար­գիս Կի­րա­կո­սեան ե­ղած է «Բա­գին» գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի հան­դէ­սի փոխ-խմբա­գի­րը: Վեր­ջին շրջա­նին «Ազ­դակ»ի գրա­կան է­ջի խմբագ­րու­թիւ­նը կ՚ը­նէր: Ան իր իւ­րա­յա­տուկ վաս­տա­կը ու­նե­ցած է ա­րա­բա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նե­լու ա­ռու­մով: Կու­սակ­ցա­կան պաշ­տօն­ներ վա­րած է ՀՅԴ «Ն. Աղ­բա­լեան» եւ «Հ. Մա­րու­խեան» կո­մի­տէու­թիւն­նե­րուն մէջ: Վեր­ջին շրջա­նին ան կը վա­րէր նաեւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կրթա­կան եւ հա­յա­գի­տա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րի­չի պաշ­տօ­նը: Ու­սուց­չա­կան եր­կար տա­րի­նե­րու վաս­տա­կի տէր Սար­գիս Կի­րա­կո­սեան հայ գրա­կա­նու­թեան ա­ռար­կան ու­սու­ցա­նած է Հա­մազ­գա­յի­նի Մ. եւ Հ. Արս­լա­նեան ճե­մա­րա­նին  եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քին մէջ: Ե­ղած է նաեւ Հա­մազ­գա­յի­նի Լի­բա­նա­նի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ: 28 Մա­յիս 2015-ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րով ար­ժա­նա­ցած է «Մով­սէս Խո­րե­նա­ցի» շքան­շա­նին: Պար­գե­ւատ­րու­մը կա­տա­րո­ւած է 9 Յու­նի­սին՝ Լի­բա­նա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մէջ: Ե­ղած է հա­մա­հիմ­նա­դիր Լի­բա­նա­նա­հայ գրող­նե­րու հա­մախմբու­մին: Ան­դամ էր Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015