ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԺԱՄԿԷՏ

Ան­գա­րա­յի մէջ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղեալ աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս շրջագ­ծով ե­րէկ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան եւ ՃՀՓ­-ի ա­պա­գայ քայ­լե­րուն վե­րա­բե­րեալ խորհր­դակ­ցու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ՝ կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու ա­ռա­ջին հան­դիպ­ման ա­ւար­տին նշա­նա­կուած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ։ Այս­պէս, ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Էօ­մէր Չե­լիք, իսկ ՃՀՓ­-ի կող­մէ փոխ-կու­սակ­ցա­պետ Հա­լուք Քոչ ու­նե­ցան տե­սակ­ցու­թիւն մը։ 1 ժամ 40 վայր­կեան տե­ւեց այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ար­դիւն­քին յստա­կե­ցաւ ճա­նա­պար­հա­յին քար­տէս մը։ Էօ­մէր Չե­լիք եւ Հա­լուք Քոչ ո­րո­շե­ցին եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ձե­ւա­ւո­րել պա­տուի­րա­կու­թիւն­ներ՝ 3+1 կամ 4+1 ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Այս պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ջին հեր­թին ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, տնտե­սու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու ա­ռանցք­նե­րուն շուրջ պի­տի ծա­ւա­լեն քննար­կում­ներ՝ ներ­թա­փան­ցե­լու հա­մար ի­րա­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն։ Պատուի­րա­կու­թիւն­նե­րու կազ­մի յստա­կեց­ման զու­գա­հեռ՝ կ՚են­թադ­րուի, որ այս գոր­ծըն­թա­ցին ա­ռա­ջին ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­նայ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Չե­լի­քի եւ Քո­չի մի­ջեւ ե­րէկ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­ր-ւա­ծու­թեամբ՝ կու­սակ­ցա­պետ­նե­րուն պի­տի թո­ղուին այն հար­ցե­րը, ո­րոնց շուրջ պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը պի­տի յա­ջո­ղին հա­մա­ձայ­նու­թեան մը հաս­նիլ։ Ե­թէ խցա­նում մը յա­ռա­ջա­նայ, ա­պա տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի ընդ­հա­տուին։

Եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ տրա­մադրուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ ա­մե­նէն ուշ տաս­ներ­կու օ­րուան ըն­թաց­քին յայտ­նի պի­տի դառ­նայ, որ հա­մա­խո­հա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն մը ստեղ­ծել կա­րե­լի պի­տի ըլ­լա՞յ, թէ ոչ։ Չե­լիք եւ Քոչ հա­մա­ձայ­նե­ցան, որ­պէս­զի քննար­կում­նե­րը տե­ղի ու­նե­նան եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն­նե­րէն դուրս եր­րորդ վայ­րի մը մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2015