ԱՆՀԵՌԱՆԿԱՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ ար­տա­սո­վոր օ­րեր։ Ան­ցեալ Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն ի վեր Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նի մեր­ձա­կայ Է­րե­բու­նի թա­ղա­մա­սէն ներս ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րոն մը բռնագ­րաւ­ման տակ կը պա­հուի՝ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» կո­չուած ընդ­դի­մա­դիր խմբակ­ցու­թեան մը զի­նեալ­նե­րուն կող­մէ։ Ինք­զին­քը «Սաս­նայ ծռեր» կո­չած այդ զի­նեալ խում­բը պատ­ճառ դար­ձած է, որ ամ­բողջ երկ­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­նայ Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին վրայ, ուր կը գտնուի բռնագ­րա­ւեալ ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նը եւ այն­տեղ կան նաեւ ոս­տի­կա­նու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար պա­տանդ­ներ։

Երկ­րի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թե­նէն պաշ­տօ­նեայ մը ե­րէկ ա­ռա­ջին ան­գամ խօ­սե­ցաւ վեր­ջին դէպ­քե­րուն շուրջ։ Կա­ռա­վա­րու­թեան հեր­թա­կան ժո­ղո­վին առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ի­րա­վի­ճա­կը ո­րա­կեց խիստ մտա­հո­գիչ ու դի­տել տուաւ, թէ առ­կայ գոր­ծըն­թա­ցը վտան­գա­ւոր է եւ ան­հե­ռան­կար։ Ըստ Աբ­րա­հա­մեա­նի, ան­թոյ­լատ­րե­լի եւ դա­տա­պար­տե­լի է ե­րե­ւոյ­թը եւ անհ­նար է իս­կա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հաս­նիլ բռնու­թեան մի­ջո­ցաւ։ Ըստ ի­րեն, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ա­մէն ինչ պի­տի ը­նեն՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար խա­ղաղ լու­ծում մը։ Ան ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց զո­հուած ոս­տի­կա­նու­թեան գնդա­պե­տին հա­մար ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ ներ­կա­յիս կան չորս վի­րա­ւոր ոս­տի­կան­ներ։ Զի­նեալ խումբն ալ ու­նի վի­րա­ւոր մը։ Ներ­կա­յիս գո­յու­թիւն ու­նի չորս պա­տանդ։

Թէ՛ Խո­րե­նա­ցի փո­ղո­ցին եւ թէ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մէջ զգա­լի է այս դէպ­քով պայ­մա­նա­ւո­րուած լա­րուա­ծու­թիւ­նը։ Ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նի բռնագ­րաւ­ման զու­գա­հեռ ընդ­դի­մա­դիր շրջա­նակ­ներն ալ ձեռ­նար­կած են բո­ղո­քի ցոյ­ցի մը։ Այդ բո­ղո­քի շարժ­ման մաս­նա­կից­նե­րուն թի­ւը եր­բեմն կ՚ա­ւել­նայ, եր­բեմն ալ կը նուա­զի։ Ցու­ցա­րար­նե­րուն եւ ոս­տի­կա­նու­թեան մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ալ կ՚ըն­թա­նան նման ձե­ւով՝ լա­րուա­ծու­թիւ­նը լոկ կ՚ա­ճի ու կը հաս­նի բա­խում­նե­րու սահ­մա­նին, մերթ ալ հան­դար­տու­թիւն կը վե­րա­հաս­տա­տուի։ «Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ խում­բը կը պա­հան­ջէ հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րա­նի ձեր­բա­կա­լեալ ա­ռաջ­նորդ Ժի­րայր Սէ­ֆի­լեա­նի ա­զատ ար­ձա­կուի­լը եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ժա­րի­լը։ Բա­զում հար­ցա­կան­նե­րով ծան­րա­բեռ­նուած ա­նո­րոշ մթնո­լոր­տին մէջ կը շա­րու­նա­կուի մտա­հոգ սպա­սում մը։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի այս դէպ­քե­րը ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նան նաեւ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն վերջ, ե­րէկ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ու Եւ­րո­միու­թիւնն ալ ար­ձա­գա­նգե­ցին առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին։ Մոս­կուա եւ Պրիւք­սել տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ բռնու­թիւ­նը ան­թոյ­լատ­րե­լի է։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 22, 2016