ՎՃՌԱԿԱՄ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին իր կողքին էին Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ ան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ մեկնաբանեց երկրէն ներս ստեղծուած իրավիճակը՝ Յուլիս 15-ի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին լոյսին տակ։ Ասուլիսի ընթացքին Էրտողան տեղեկացուց, թէ Յուլիսի 15-ը հռչակուած է նահատակներու ոգեկոչման օր։ Նախագահին խօսքերով՝ ապա սերունդները պիտի չմոռնան Յուլիսի 15-ի ժողովրդավարութեան դիմադրութեան հերոսները։
Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ իր վճռակամ դիմադրութիւնը՝ պետական հարուածի փորձին դէմ։ Ան միեւնոյն ժամանակ երկրի բոլոր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց՝ որպէսզի հաւատք չընծայուի անհիմն լուրերուն, որոնք շրջանառութեան մէջ կը մտնեն ներկայ բարդ ժամանակաշրջանին։ «Ես կը փափաքիմ, որ մեր բոլոր քաղաքացիները տեւականացնեն իրենց ամուր դիրքորոշումը՝ պետութեան, կառավարութեան կողքին», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, թէ պետութիւնը կանգուն է շնորհիւ իր կառոյցներուն։ Կառավարութիւնը երկրի բոլոր կողմերուն ու բոլոր հաստատութիւններէն ներս իրավիճակը կը վերահսկէ՝ շնորհիւ անվտանգութեան ուժերու մեծ ջանքերուն։
Ասուլիսի ընթացքին Էրտողան տեղեկացուց, որ զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը իրականացուցած զուգահեռ ահաբեկչական կառոյցի՝ ՖԵԹԷՕ-ի անդամներուն պետական մարմիններէն զտման գործընթացը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Թուրքիա իրաւական պետութիւն մըն է, հետեւաբար, Էրտողան մատնանշեց, որ յեղաշրջման փորձին դէմ նախազգուշական միջոցներն ալ ձեռք կ՚առնուին ժողովրդավարութեան, իրաւական պետութեան, հիմնարար իրաւունքներու եւ ազատութիւններու հիման վրայ։ Նախագահին փոխանցած տուեալներով, ցարդ իրականացուած գործողութիւններու արդիւնքին՝ 4 հազար 60 հոգի ձերբակալուած է, իսկ 10 հազար 410 հոգի ալ առնուած է հսկողութեան տակ։ Այս պայմաններուն ներքեւ Էրտողան ընդգծեց, որ քիչ մը եւս զոհողութիւն կ՚ակնկալէ ազգէն։ «Իր քաջութեամբ զինեալ յեղաշրջման փորձը կասեցուցած մեր հերոս ազգէն կը խնդրեմ, որպէսզի հրապարակներու վրայ պահած իր ժողովրդավարութեան հերթը շարունակէ՝ մինչեւ որ մեր երկիրը վերջնականօրէն յաղթահարէ այս դժուարին իրավիճակը։ Մեր ապրած դէպքը ապացուցանած է, թէ պետական հատուածին դէմ մեծագոյն եւ ամենաազդու հակաթոյնն է ազգին կամքը՝ նոյնինքն ազգը։ Շաբաթէ մը ի վեր այս նուիրական պայքարը յառաջ կը տանի իմ ազգը, առանց դոյզն իսկ անկարգութեան, առանց թոյլ տալու խափանարարութիւններու։ Իմ ազգէն կը պահանջեմ քիչ մը եւս համբերութիւն ու զոհողութիւն։ Արմատի, դաւանանքի, քաղաքական կուսակցութեան կամ գաղափարախօսական մտածելակերպերու տարբերութիւնը առանց նկատի առնելու՝ հրապարակներ դուրս եկած իմ իւրաքանչիւր քաղաքացիին սրտանց երախտագիտութիւն կը յայտնեմ՝ յանուն իմ անձին ու ազգին», ըսաւ Էրտողան։
Այս կարեւոր մամլոյ ասուլիսին առընթեր, Էրտողան երէկ ուշագրաւ հարցազրոյց մըն ալ տուաւ «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան։ Ծանօթ է, որ ան ներկայիս իրերայաջորդ ձեւով կը տեսակցի միջազգային յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Պետական յեղաշրջման ձախող փորձի մթնոլորտին մէջ Էրտողան բացառիկ հարցազրոյցներ տուաւ «CNN» եւ «Էլ-Ճեզիրէ» միջազգային հեռուստակայաններուն։ Ի լրումն այդ բոլորին՝ Էրտողան երէկ ալ մասնաւոր հարցազրոյց մը տուաւ «Ռէօյթըրզ»ի թղթակիցներուն։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան անդրադարձաւ Յուլիսի 15-ի գիշերը ապրուածներուն։ Նախագահը վերստին շեշտեց լրաքաղութեան առումով պատահած թերութիւնները։ Յիշեցնելով, որ երկրէն ներս հռչակուած է արտակարգ դրութիւն՝ Էրտողան նշեց, որ երկրի մարտիրոս խորհրդարանը յառաջիկայ շրջանին ազատութեան ու ապագային համար նոր պայքարի մը պիտի ձեռնարկէ։ Ապագայ երեք ամսուան ընթացքին խտացեալ աշխատանքներ պիտի տարուին, սակայն բացարձակապէս ժողովուրդը պէտք չէ մտահոգութիւն ապրի։ Արտակարգ դրութիւնը հռչակուած է ժողովրդավարական հաստատութիւններու աւելի առողջ գործունէութիւնը ապահովելու համար։ Այս որոշումը ընդունուած է, որպէսզի պատկան մարմինները կարենան աւելի հանգիստ աշխատիլ անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն վրայ։ Օրէնքի համազօր որոշմնագրերով կառավարութիւնը անհրաժեշտ քայլերը պիտի առնէ։ Էրտողան «Ռէօյթըրզ» գործակալութեան թղթակիցներուն յայտնեց, թէ անհրաժեշտութեան պարագային եւս երեք ամիսով կրնայ երկարաձգուիլ արտակարգ դրութիւնը։ Իր կանխատեսումներով՝ Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին ժողովը շաբաթ մը աւելի կանուխ կրնայ գումարուիլ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնը ունեցած է նման պահանջ մը։ Ըստ Էրտողանի, կարճ ժամանակի ընթացքին վերակառուցման գործընթաց մը պիտի իրականացուի Թուրք զինեալ ուժերէն ներս ու նոր աւիւն մը պիտի հաղորդուի բանակին։
Նոր պետական հարուածի մը հաւանականութիւնը մեկնաբանելով՝ Էրտողան ընդգծեց, թէ այդպիսի վարկած մը չի բացառուիր, սակայն դիւրին չ՚ըլլար։ Տնտեսական նիւթերուն անդրադառնալով՝ նախագահը մատնանշեց, որ ելմտական կարգապահութենէն զիջում պիտի չկատարուի։
Երէկ Ազգային մեծ ժողովը արդէն հաւանութիւն տուաւ կառավարութեան որոշմնագրին՝ որպէսզի երեք ամիսով արտակարգ դրութիւն հաստատուի Թուրքիոյ մէջ։ ԱՔ կուսակցութեան եւ ՄՀՓ-ի երեսփոխանները հաւանութիւն տուին այդ որոշման։ ՃՀՓ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան անդամները ազատ էին իրենց դիրքորոշման մէջ, իսկ ՀՏՓ-ականները դէմ քուէարկեցին այդ քայլին։ Արդիւնքին արտակարգ դրութեան հռչակման համար հաւանութիւն տուաւ 346 երեսփոխան, իսկ 115 դէմ քուէ գործածուեցաւ։
Հանրային կարծիքը կը շարունակէ ուշի ուշով հետեւիլ պետական յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ սկսած լայնածաւալ հետաքննութեան, որու զգայացունց մանրամասնութիւնները առ հասարակ կը բնորոշեն Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ երէկ երեկոյեան ցոյց մը տեղի ունեցաւ Վոսփորի կամուրջի մուտքին, ուր երթեւեկութեան արգելափակումով Յուլիսի 15-ի գիշերը սկսած էր պետական յեղաշրջման փորձը։