«ՄԱՔՈՒՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԾՐԱԳՐԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄ
Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին հաստատուած է «Մաքուր Հայաստան» գործողութիւններու ծրագիրը եւ առնուելիք քայլերուն ժամանակացոյցը: Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան բացատրած է, թէ ինչ կը նշանակէ ծրագիրը իրականացնելու ժամանակ կիրառել կոշտ վարչական կարգադրութիւններ:
«Օրէնքը, որ մենք փոխանցած ենք Արդարադատութեան նախարարութիւն, կ՚ընդգրկէ շատ կոշտ կառուցակազմեր: Նուազագոյն տուգանքին չափը 16 հազար դրամ է, խոշոր ձեռնարկութիւններու համար անիկա կը հասնի մինչեւ 200-300 հազար դրամի», ըսած է Դաւիթ Լոքեան՝ աւելցնելով, որ օրինակ, ծխախոտը գետին նետող քաղաքացին 16 հազար դրամի տուգանքի պիտի ենթարկուի: Դաւիթ Լոքեան նշած է նաեւ, որ այնպէս ինչպէս տուգանք կը վճարեն երթեւեկութեան կանոններու խախտման պարագային, այնպէս ալ պիտի տուգանուին միջավայրը աղտոտելու համար։
Դաւիթ Լոքեան իր խօսքերը եզրափակած է ըսելով, որ յաջորդ տարի երկրին համար շուրջ 10 հազար աղբաման պիտի գնուի: