ԳԵՂԱՆԿԱՐԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նկարիչ Յակոբ Յակոբեանի «Խորհրդաւոր յիշողութիւններ» եռամաս գեղանկարի շնորհանդէսը: Գեղանկարը նուիրուած է յօրինող Եդուարդ Միրզոեանին եւ անոր ի պատիւ ստեղծուած «Միրզոյեան-քառեակ»ին: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ շնորհանդէսի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ միջազգային մրցոյթի դափնեկիր «Միրզոյեան-քառեակ»ը, նաեւ ցուցադրուեցաւ յօրինողի մասին պատմող ժապաւէն:

«Նիւ Եորքէն հայրենիք վերադարձած եմ իմ վերջին նկարներէն մէկ հատով՝ նուիրուած Եդուարդ Միրզոյեանին ու «Միրզոյեան-քառեակ»ին: Միշտ ոգեշնչուած եմ Միրզոյեանի արուեստով, ծանօթացայ նաեւ քառեակի անդամներուն հետ, ինչ որ ոգեշնչեց՝ մտածելու նկարի ստեղծման մասին: Գեղանկարի առաջին մասը կը ներկայացնէ սկիզբը՝ Միրզոյեանի անցած կեանքն ու ստեղծագործութիւնը, երկրորդ մասին մէջ գոյները կը ներկայացնեն անոր «Շուշանիկ» ստեղծագործութիւնը այնպէս, ինչպէս ես կը զգամ, իսկ երրորդը՝ վերջն է՝ Եդուարդ Միրզոյեանի բացակայութիւնը», ըսաւ Յակոբ Յակոբեան ու աւելցուց, որ նկարի համար աշխատած է շուրջ տարի մը: Նկարած է Նիւ Եորքի մէջ՝ աւելի ոգեշնչուած հայրենիքի կարօտով:

«Միրզոյեան-քառեակ»ի ջութակահարներէն Սօնա Ազարեանն ալ ըսաւ, որ ընկերային ցանցերու վրայ ծանօթացած են Յակոբ Յակոբեանի հետ: «Անոր ուղարկեցի մեր բոլոր ձայնագրութիւնները, անոր յատկապէս հաճելի եկաւ «Շուշանիկ»ը: Եւ միասին իրականացուցինք այս գաղափարը», ըսաւ ան:

Բեմադրիչ Անասթասիա Ֆատէեւայի հեղինակած շարժանկարը կը ներկայացնէր յուշեր Միրզոյեանի մասին: Հռչակաւոր յօրինողի մասին կը պատմէին կինը եւ նշանաւոր երաժիշտ Եուրի Պաշմէթ: «Այս ժապաւէնը ինծի համար ծանօթութիւն էր Հայաստանի հետ: Ես զայն նկարահանեցի Հայաստան գալէ ընդամէնը երեք ամիս յետոյ, այս ընթացքին ինծի մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ ամուսինս»,  ըսաւ բեմադրիչը։

 

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017