ԽՈՐԱՑՆԵԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ արտաքին առեւտուրի հարցերով բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Առեւտուրի յանձնակատարի տեղակալ Տեն Մուլանիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալպանտեան գոհունակութեամբ նշեց, որ արդէն քառորդ դար բոլորած հայ-ամերիկեան միջպետական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ։ Նալպանտեանի համոզմամբ՝ այդ յարաբերութիւնները նոր լիցք պիտի ստանան համատեղ ջանքերով։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Տեն Մուլանի ընդգծեց, որ ԱՄՆ կը կարեւորէ Հայաստանի հետ բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացումը եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խորացումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները ջերմութեամբ վերյիշեցին 2015 թուականին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպումը եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ԱՄՆ-ի միջեւ Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագրի ստորագրումը։
Նալպանտեան եւ Մուլանի քննարկեցին Հայաստան-ԱՄՆ միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցեր։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին հայ-ամերիկեան համապատասխան խորհուրդի երկրորդ նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն շուրջ։ Երկուստեք կարեւորուեցաւ առեւտրատնտեսական ոլորտէ ներս իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը։ Զրուցակիցները մասնաւորապէս անդրադարձան տեղեկատուական փորձագիտութիւններու ոլորտէն ներս համագործակցութեան հետագայ խորացման։