ԿԱՐԵՒՈՐ ՇՐՋԱՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս շաբաթավերջին կարեւոր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Արաբական ծոց։ Այսպէս, Էրտողան վաղը երկօրեայ այցելութեամբ դուրս պիտի գայ դէպի Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ եւ Քաթար։

Միջազգային օրակարգին վրայ ներկայիս Քաթարի ճգնաժամը առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ։ Արաբական աշխարհի յառաջատար երկիրները կը փորձեն ճնշում բանեցնել այդ երկրին վրայ՝ խստապահանջ շրջափակումով մը հանդերձ։ Այս իրավիճակին մէջ Թուրքիա զօրակցութիւն կը դրսեւորէ Քաթարի հետ, ուր նոյնիսկ ուղարկած է զօրք։ Սէուտական Արաբիա, Պահրէյն, Եգիպտոս եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ խիստ պահանջներ սահմանած են Քաթարի դէմ։ Թէեւ վերջին շրջանին այդ պահանջներու պարագային որոշ մեղմացում մը եղած է, սակայն խնդիրը կը շարունակէ իր ծանրակշիռ բնոյթը։ Վերջին օրերուն, ՄԱԿ-ի մօտ Եգիպտոսի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ապտուլլահ Էլ Մուալլիմի ՄԱԿ-ի մէջ խիստ արտայայտութիւններ ունեցաւ Թուրքիոյ հասցէին։ Հիմնական պատճառը Քաթար ուղարկուած թրքական զօրքերն էին։ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Միջազգային յարաբերութիւններու նախարար Էլ Հաշիմին ալ շեշտեց, որ թուրք զինուորներու գոյութիւնը լարուածութիւնը կը բարձրացնէ Քաթարի մէջ։

Էրտողանի տարածքաշրջանային ուղեւորութիւնը այսպիսի իրավիճակի մը մէջ պիտի ընթանայ։ Հանրապետութեան նախագահի ուղեւորութեան առաջին կանգառը պիտի ըլլայ Սէուտական Արաբիան, ուր ան պիտի տեսակցի Սելման թագաւորին հետ։ Անգարա օրերէ ի վեր կը շեշտէ, որ Քաթարի ճգնաժամը պէտք է կարգաւորուի դիւանագիտական միջոցներով։ Թրքական կողմը կանգ կ՚առնէ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան, անդորրութեան ու կայունութեան վրայ եւ միեւնոյն ժամանակ համոզուած է, թէ լուծման բանալին կը գտնուի Ռիատի ձեռքը։ Թրքական կողմը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ լարուածութեան նուազեցման համար խաղալ իրեն վիճակած դերը։ Էրտողանի համոզմամբ, ճգնաժամի կարգաւորման համար պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել եւ աչալրջութեամբ վարուելով պէտք է աւելի մեղմ շրջանի մը ծնունդ տալ։ Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ Արաբական ծոցի երկիրները աւելի ամուր զօրակցութիւն մը ունենան իրարու միջեւ։ Մասնաւորապէս, Սէուտական Արաբիան բանալի դիրքի մը վրայ է, որովհետեւ տարածքաշրջանի յառաջատարը կը նկատուի։ Էրտողան իսլամական աշխարհէ ներս նման երեւոյթները կը համարէ անվայել։

Սէուտական Արաբիայէ վերջ Էրտողանի շփումները պիտի շարունակուին Քուէյթի մէջ, իսկ ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ալ պիտի հիւրընկալուի Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ Պին Համատ Էլ Սանիի կողմէ։

Դէպի Արաբական ծոց ուղեւորութեան ընդառաջ Էրտողան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իսրայէլի Նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինի եւ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։ Իսրայէլի կողմէ վերջերս ձեռք առնուած են կարգ մը միջոցներ, որոնց բերումով սահմանափակուած են Մեսճիտի Աքսայի մուտքերը։ Էրտողան այս ոտնձգութիւններու պարագային խօսեցաւ Մահմուտ Ապպասի հետ։ Հանրապետութեան նախագահը այդ բոլորը համարեց անընդունելի։ Ըստ իրեն, Երուսաղէմի իսլամական բնոյթի եւ նուիրականութեան պահպանումը մեծ կարեւութիւն կը ներկայացնէ համայն իսլամական աշխարհին տեսակէտէ։ Ան Ռիվլինի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին ալ արծարծեց նմանաբնոյթ խնդիրներ։ Իսրայէլի ղեկավարը շեշտեց, որ անվտանգութեան նկրտումներով ձեռք առնուած են նախազգուշական միջոցներ, իսլամական սրբավայրերու կարգավիճակին մէջ չկայ որեւէ փոփոխութիւն եւ Իսրայէլի պետութիւնը կ՚երաշխաւորէ, որ պիտի չսահմանափակուին կրօնական ազատութիւնները։   

Շաբաթ, Յուլիս 22, 2017