ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓՈՄՓԷՈՅԻ ՀԵՏ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին կարեւոր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Մինչ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բաւական խնդրայարոյց կացութիւն մը ստեղծուած է, առկայ մթնոլորտին մէջ երկու մայրաքաղաքներու միջեւ դիւանագիտական շփումներն ալ զուգահեռաբար խտացած են։
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան այն խնդիրներուն, որոնք ներկայիս թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ կանգ առին Թուրքիոյ կողմէ ներածուած «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներու եւ «Ֆ-35» ռազմաօդանաւերու ծրագրէն Թուրքիոյ դուրս թողուելու որոշման վերաբերեալ զանազան հարցերու վրայ։
Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկկողմանի բնոյթով նիւթերու առընթեր, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ նկատի առին նաեւ Սուրիոյ տագնապը եւ այդ երկրէն ներս ստեղծուած վերջին իրադրութիւնը։ Նախարարները կարեւորութեամբ անդրադարձան Մենպիչի եւ Իտլիպի կացութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցան անվտանգ գօտիներու շուրջ։