ՍԻՐՈՒՇՈՅԻ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿԸ

«Ով կ՚ապրի լեռներու մէջ, մի քամիէ չի վախնար». Սիրուշոն ներկայացուցած է «Մհեր» երգի տեսահոլովակը։  Այսպէս, Սիրուշոն, որու «Արմատ» ձայնասկաւառակին մէջ հիմնականին ներառուած են ռազմահայրենասիրական ոգիով ու շունչով ստեղծագործութիւններ, սկաւառակին մէջ ներառուած «Մհեր» երգի հիման վրայ տեսահոլովակ ներկայացուցած է:

Այս տեսահոլովակը կը հետաքրքրէ ոչ միայն մեծահասակները, այլեւ՝ փոքրերը։

Երգի երաժշտութեան հեղինակը Սիրուշոն է, բառերը գրած է Աւետ Բարսեղեանը:  Հոլովակի վրայ աշխատած է «Սահակեանց» սթիւտիոն:

Երգչուհին տեսահոլավակը հրապարակած է «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ՝ երգէն մէջբերելով «Ով կ՚ապրի լեռներու մէջ, մի քամիէ չի վախնար» նախադասութիւնը:

Սիրուշոն իր արհեստավարժ ասպարէզի ընթացքին յաճախ հանդէս կու գայ սոուլ եւ փոփ երաժշտութեամբ։ Պարբերաբար կը ներկայացնէ նաեւ գուսանական ստեղծագործութիւններ: Երգչուհին ունի անգլերէն շարք մը երգեր, որոնք սիրուած ու տարածում գտած են ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ երկրի սահմաններէն դուրս։ Անոր յայտնի երգերն են՝ I Like It, Qele, Qele, Tightrope Walking, Have You Ever Hurt Somebody, Time To Pray, Vuy Aman:

«Արմատ» ձայնասկաւառակին մէջ «Մհեր» երգէն բացի, ընդգրկուած են նաեւ «Գինի լից», «Զարթօնք», «Կոզալ», «Անկանոն», «Կու գայ մի օր» եւ այլ ստեղծագործութիւններ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020