ՔԻԵՒԻ ՄԷՋ ՍԵՐԿԷՅ ՓԱՐԱՃԱՆՈՎԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅՈՒՇ-ԵՐԵԿՈՅ

Քիեւի մէջ Փարաճանովի նուիրուած յուշ-երեկոյ տեղի ունեցած է։ Այսպէս, Ուքրայնոյ մայրաքաղաքը՝ Քիեւի հնագոյն Ս. Սոֆիա տաճար-թանգարանին մէջ համաշխարհային շարժանկարի մեծ վարպետ, աշխարհահռչակ բեմադրիչ, նկարիչ Սերկէյ Փարաճանովի մահուան 30-րդ տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյ կազմակերպուած է:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, յուշ-երեկոն կազմակերպած է «ԱՕԿՍ-Ուքրայնա» հայկական մշակութային կապերու ընկերութիւնը՝ «Քիեւեան Սոֆիա» ազգային յատուկ պահպանուող տարածքի եւ Ուքրայնոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան աջակցութեամբ։

Մեծ վարպետի յիշատակին նուիրուած միջոցառումը վարած է «ԱՕԿՍ-Ուքրայնա» ընկերութեան նախագահ Ելենա Յովհաննիսեան, որ, ի թիւս այլոց, ներկաներուն պատմած է իր կողմէ հիմնադրուած «Փարաճանով-արթ» ընկերութեան գործունէութեան մասին, հռչակաւոր արուեստագէտի հետ իր հանդիպումներու դրուագներէն, վերջերս մահացած Փարաճանովի այրի՝ Սվետլանա Շչերպատիուքի հետ իր ընկերութեան եւ Քիեւի մէջ Փարաճանովին նուիրուած թանգարանի ստեղծման իր՝ առայժմ չիրականացած ծրագրերու մասին։

Ներկաներուն ողջոյնի խօսքեր յղած են «Քիեւեան Սոֆիա»ի գլխաւոր տնօրէն Նելիա Քուքովալսքայա եւ Ուքրայնոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սէյրանեան։ Ան նշած է, որ Փարաճանովի արուեստը բացառիկ դեր ունեցած է հայ, ուքրանացի եւ վրացի ժողովուրդներու մշակութային կեանքին մէջ։

Երեկոյթի ընթացքին իրենց յիշողութիւններն ու մեծ Մաէսթրոյէն իրենց տպաւորութիւններէն խօսած եւ կիսուած են իր ընկերները, ուսանողներն ու բարեկամները եւ պարզ մարդիկ, որոնք երջանկութիւնը ունեցած են շփուելու հռչակաւոր բեմադրիչին հետ։

Փարաճանովի մասին իրենց յիշատակները բաժնած են նաեւ Ուքրայնոյ ժողովրդական արուեստագէտ, աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչ Ռոման Պալայեան, ուքրանացի բեմադրիչ Սերհիյ Փրոսքուրնիա, Ուքրայնոյ Սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան նախկին նախագահ Սերհիյ Թրիմպաչ, Ուքրայնոյ ժողովրդական արուեստագէտ Վիքթոր Սքորոմնի եւ այլք, ինչպէս նաեւ հեռակապով Երեւանէն՝ Փարաճանովի տուն-թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեան, Ուքրայնոյ Վերխովինա քաղաքէն՝ դերասանուհի Օկսանա Սուսիակ, Լեհաստանի Վրոցլավէն Ռուբէն Դադայեան եւ Միացեալ Նահանգներէն Մամուքա Ճանշիեւ։

Միջոցառման ընթացքին սրահէն ներս ցուցադրուած են քանդակագործ Հրայր Մարտիրոսեանի եւ նկարիչ Վաչագան Թորոսեանի աշխատանքները։ Ձեռնարկի ընթացքին երաժշտական ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ «Նօ-Թա» դաշնամուրային երկակը, երգչուհիներ Լուիզա Ուպերիա եւ Լուսինէ Պրոշչալիքինա։

Սերկէյ Փարաճանովի յիշատակին նուիրուած միջոցառման աւարտին ներկաները դիտած են բեմադրիչ Ռոման Պալայեանի «Գիշերը Փարաճանովի թանգարանին մէջ» շարժանկարը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020