2100-ԻՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ

ՄԱԿ-ի կանխատեսումներով, 2100 թուականին Երկիր մոլորակի բնակչութիւնը կը նուազի 2 միլիառով։ Այսպէս, Երկիր մոլորակի բնակչութեան թուաքանակը իր առաւելակէտին՝ 9.73 միլիառի, կը հասնի 21-րդ դարու կէսերուն, իսկ այնուհետեւ կը սկսի անոր նուազման անշեղ գործընթացը, այնպէս որ 2100 թուականին այդ ցուցանիշը կը կազմէ 8.79 միլիառ: Այս մասին յայտարարուած է Սիէթըլի մէջ Ուաշինկթընի համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէի կից Առողջութեան ցուցանիշներու եւ գնահատման կաճառի գիտնականներու յօդուածին մէջ, որ յուլիսի 13-ին հրապարակուած է The Lancet գիտական հանդէսին մէջ:

ՄԱԿ-ի կանխատեսումներով՝ 2100 թուականին երկրի բնակչութիւնը պէտք է կազմէ շուրջ 11 միլիառ: Հետազօտութեան հեղինակները կը կանխատեսեն, որ երկրագունդի բնակչութեան թուակազմի առաւելակէտը բաժին կ՚իյնայ 2064 թուականին, երբ մոլորակի վրայ կ՚ըլլայ մօտաւորապէս 9.73 միլիառ մարդ: Այնուհետեւ կը սկսի աստիճանական նուազումը, որ մշտական բնոյթ կ՚ունենայ: Այդ պատճառով 2100 թուականին երկրի վրայ կ՚ըլլայ շուրջ 8.79 միլիառ մարդ: Այժմ աշխարհի վրայ կը բնակի շուրջ 7.59 միլիառ մարդ:

Ըստ գիտնականներուն, այդքան ընդգրկուն ժողովրդագրական փոփոխութիւններու պատճառներ կը դառնան կրթութեան տարածումը, առաւելաբար, կանանց մօտ, եւ արդի հակաբեղմնաւորման միջոցներու լայն կիրառումը Ափրիկէի, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու եւ Ասիոյ մի քանի պետութիւններու մէջ: Առայժմ անոնք կը մնան ժողովրդագրական աճի յառաջատարները: Այս պատճառով տեղի կ՚ունենայ ծնելիութեան միջին մակարդակի նուազում մօտաւորապէս 1.7 երեխայ մէկ կնոջ հաշուով, ինչ որ բաւական չէ նոյնիսկ ծնողներու մահէն յետոյ զանոնք «փոխարինելու» համար: Սակայն որոշ երկիրներու մէջ, դարձեալ, ամենէն առաջ Ափրիկէի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ասիոյ մէջ, ծնելիութեան մակարդակը կը մնայ աւելի բարձր նշագիծի վրայ, քան 2.0-ն:

Այդ տարածքաշրջանները կը դառնան գաղթականներու կարողականութեան աղբիւրներ, որոնց հաշուին Եւրոպան եւ Ամերիկան կրնան փոխհատուցել այդ առումով իրենց կորուստները: Գաղթականութեան քաղաքականութեան ազատականացումը, ինչպէս նաեւ աշխատող կանանց ընկերային աջակցութիւնը որպէս հիմնական նախապայման կ՚առաջարկեն հետազօտութեան հեղինակները, որպէսզի աշխարհի բնակչութեան թուաքանակը պահպանուի նախկին մակարդակներու վրայ։ Իբր այդ, կը բարձրանայ կեանքի միջին տեւողութիւնը, որ 2100 թուականին գործնականին ամբողջ աշխարհի մէջ կը գերազանցէ 74 տարեկանը: Ասոր հետեւանքը կը դառնայ բնակչութեան ծերացումը եւ այնտեղ աշխատունակներու բաժնի նուազումը: 2100 թուականին 65-էն բարձր մարդանց քանակը կը կազմէ 2.37 միլիայ, իսկ 20 տարեկանէն երիտասարդներունը՝ 1.7 միլիառ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 22, 2020