ԱՊԱՀՈՎ ՈՒ ԿԱՅՈՒՆ ՍԱՀՄԱՆ
Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարեց, որ մօտաւոր ապագային իր երկիրը պիտի կրկնապատկէ ելեկտրական ուժանիւթի ներածումը Հայաստանէն։ «Կազ ելեկտրական ուժանիւթի դիմաց» համաձայնագրի ժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ 2030 թուականը։ Այսպէսով Իրանէն Հայաստան կ՚արտածուի 360 միլիոն խորանարդ մեթր կազ եւ անոր դիմաց կը ներածուի ելեկրական ուժանիւթ։ Հայաստան-Իրան ելեկտրահաղորդման երրորդ գիծի կառուցման աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին։ Սա հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի Իրան կրկնապատկէ Հայաստանէն ելեկտրական ուժանիւթի ներածումը։
Դեսպան Սոպհանի շեշտեց, որ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւնները առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին, ինչ որ պայմանաւորուած է անոնց աշխարհագրական ու ռազմավարական դիրքով։ «Հայաստան ունի ապահով ու կայուն սահման, որ կենսական դեր կը խաղայ տարածաշրջանային անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ», ըսաւ ան։
Բաց աստի, Մեհտի Սոպհանի յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» հարթակի յաջորդ հանդիպումը յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ։
ԵՐԿԱԹՈՒՂԻԻ ՄԻՋԱՆՑՔ
Միջազգային օրակարգի վրայ միշտ այժմէական է հաղորդակցութիւններու տեսակաւորման հարցը։ Շաբաթավերջին հաղորդուեցաւ, որ շահագործման յանձնուած է Չինաստան-Իրան-Եւրոպա երկաթուղային միջանցքի առաջին հերթը։ Չինաստան-Իրան եւ Իրան-Չինաստան բեռնատար գնացքները երթեւեկել սկսած են Ափրին չոր նաւահանգիստով, որ կը գտնուի Թեհրանի հարաւի Իսլամշահր քաղաքին մէջ։
Իրանի երկաթուղիի նախագահ Միատ Սալէհի երէկ ելոյթ մը ունեցաւ շարժման վերսկսման առթիւ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին։ Իր խօսքով՝ Իրան Չինաստանէն դէպի Եւրոմիութիւն բեռներու փոխադրման արագ եւ անվտանգ ուղի մըն է։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, արարողութեան ընթացքին շահագործման յանձնուեցաւ Չինաստան-Իրան-Եւրոպա երկաթուղային միջանցքի առաջին հերթը։ Սալէհի յայտնեց, որ բեռնատար գնացքները Չինաստան կ՚ուղեւորուին բարեկամ ու հարեւան երկիրներու՝ Ղազախիստանի եւ Թիւրքմենիստանի տարածքով։ Չինաստանէն բեռնատար գնացքը դէպի Իրան ճանապարհ դուրս եկած էր շուրջ տասն օր առաջ։