ՀԱՐՍՏԱՑՄԱՆ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ
Զուիցերիոյ յառաջատար դրամատուներէն UBS-ի կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ 2024 թուականի Համաշխարհային հարստութեան տեղեկագիրը։ Զուիցերակեդրոն այս հսկայ դրամատան տուեալներով՝ անհատական հարստութեան բարձրացման տեսակէտէ Թուրքիա առաջին հորիզոնականը կը զբաղեցնէ աշխարհի վրայ։ «Ամերիկայի ձայնը»ի թրքական ծառայութիւնը հաղորդած է, որ ըստ յիշեալ տեղեկագրին՝ 2008-2023 թուականներուն, թրքական լիրայի արժոյթով միջին հաշուով 1708 տոկոսով հարստութեան բարձրացում արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ եւ այս ցուցանիշով երկիրը առաջին տեղը կը գրաւէ ամբողջ աշխարհի մէջ։
Անհատական հարստացման բարձրացման աղիւսակին վրայ Թուրքիոյ կը հետեւին՝ Քաթարն ու Ռուսաստանը, ուր յաւելումը 20 առ հարիւր է։ Յաջորդող հորիզոնականները կը զբաղեցնեն՝ Հարաւային Ափրիկէն (16 տոկոս) եւ Իսրայէլը (14 տոկոս)։