ԱՀՄԷՏ ԱՍԻՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ ԼԻԲԱՆԱՆ ԴԺՈԽՔԻ ԵՒ ԴՐԱԽՏԻ ՄԻՋԵՒ

Լի­բա­նա­նի ա­պա­հո­վու­թեան մար­մին­նե­րը ան­ցեալ Շա­բաթ օր, Օ­գոս­տո­սի 15-ին, յա­ջո­ղե­ցան ձեր­բա­կա­լել Շէյխ Ահ­մէտ Ա­սի­րը: Ձեր­բա­կա­լու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պէյ­րու­թի օ­դա­կա­յա­նին մէջ: Ա­սիր եւ ա­նոր ըն­կե­րա­կից­նե­րէն մէ­կը յա­ջո­ղած էին անց­նիլ «Ռա­ֆիք Հա­րի­րի» օ­դա­կա­յա­նին բո­լոր խու­զար­կու­թեան կէ­տե­րը ու ի­րենց տե­ղե­րը գրա­ւել Գա­հի­րէ մեկ­նող օ­դա­նա­ւին մէջ:

Ո՞վ էր այս շէյ­խը, որ 2012 թուա­կա­նէն սկսեալ դար­ձած էր երկ­րի ա­պա­հո­վու­թեան մար­մին­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հերթ գլխա­ցա­ւը: Սայ­տա քա­ղա­քի «Պի­լալ Պըն Ռա­պա­հ» մզկի­թին մէջ, որ­պէս կրօ­նա­կան խօս­նակ՝ ի­մամ, իր հան­րա­յին կեան­քին սկսած Ա­սիր կը դառ­նար քա­ղա­քա­կան կեան­քի կա­րե­ւոր կի­զա­կէ­տե­րէն մէ­կը: Ան կրօ­նա­կան հան­գա­ման­քով զի­նուած կը փոր­ձէր գրա­ւել սիր­տը սիւն­նի հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն ու յատ­կա­պէս ա­նոնց, ո­րոնք հա­մո­զուած էին, թէ ա­նար­դա­րու­թեան զո­հերն են: Ա­սի­րի քա­ղա­քա­կան հիմ­նա­կան թե­զը երկ­րի շիի հա­մայն­քի գլխա­ւոր կա­զմա­կեր­պու­թեան՝ «Հիզ­պուլ­լահ»ի դէմ պայ­քա­րի ծա­ւա­լումն էր: Ա­նոր ճա­ռե­րը, տուած մամ­լոյ ա­սու­լիս­նե­րը եւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը կը մի­տէին պատ­րաս­տել սիւն­նի ծայ­րա­յե­ղա­կան զի­նեալ թեւ մը, ո­րուն հա­մար շիի­նե­րուն հետ բա­խու­մը կը հան­դի­սա­նար ա­ռաջ­նա­յին քա­ղա­քա­կան փլան: Ա­սիր իր զար­մա­նա­լի վար­մուն­քով (քրիս­տո­նէա­կան շրջան­նե­րուն մէջ հա­ւաք­ներ ը­նել, հան­րու­թեան առ­ջեւ սափ­րուիլ, հե­ծա­նիւ քշել եւ լո­ղալ) եւ «Հիզ­պուլ­լահ»ի դէմ հնչե­ցու­ցած ծայ­րա­յե­ղա­կան խօս­քե­րով փոր­ձեց ստեղ­ծել նոր ի­րա­վի­ճակ մը: Ճշմար­տու­թիւն է նաեւ, որ սիւն­նի կրօ­նա­ւո­րը ու­նե­նա­լով ո­րոշ ար­տա­քին կող­մե­րու յատ­կա­պէս նիւ­թա­կան նե­ցու­կը, կը պատ­րաս­տէր զի­նուո­րա­կան ջո­կատ­ներ: Ան ցոյ­ցեր եւ հա­ւաք­ներ կա­տա­րե­լով բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը քննա­դա­տէր ո՛չ միայն «Հիզ­պուլ­լահ»ը, այլ բո­լոր կող­մե­րը՝ ը­սե­լով, որ ա­նոնք ի­րենց լուռ վար­մուն­քով կը սա­տա­րեն «Հիզ­պուլ­լահ»ի ուռ­ճաց­ման եւ հզօ­րաց­ման: Ի­րադ­րու­թեան հե­տե­ւող դէ­տե­րուն հա­մար կը կարծուէր, որ Ա­սիր պի­տի մնայ վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ եւ ա­նոր «վրան բա­ց» յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը չեն կրնար անց­նիլ խօս­քի սահ­ման­նե­րը: 2013 թուա­կա­նին լի­բա­նա­նեան քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մին վրայ ար­ձա­նագ­րուող պրկում­նե­րը կը դառ­նա­յին ա­ւե­լի յա­ճա­խա­կի, յատ­կա­պէս Ի­րա­նի ամ­բող­ջա­կան նե­ցու­կը վա­յե­լող «Հիզ­պուլ­լահ»ի սու­րիա­կան պա­տեր­ազ­մին մասն­կա­ցու­թեամբ: Այս ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թեան մէջ է, որ Ահ­մէտ Ա­սիր փոր­ձեց ա­ճիլ:

Ա­սիր հա­կա­ռակ իր կե­ցուածք­նե­րուն, չյա­ջո­ղե­ցաւ երկ­րի սիւն­նի չա­փա­ւո­րա­կան թե­ւին՝ «Ալ Մուս­թաք­պալ» հո­սան­քին նե­ցու­կը ա­պա­հո­վել, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կն: Սիւն­նի­նե­րը եւ ա­նոնց հա­մա­խոհ միւս քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը միա­հա­մուռ կեր­պով քննա­դա­տե­ցին Ահ­մէտ Ա­սի­րի կե­ցուածք­նե­րը եւ յատ­կա­պէս ա­նոր ժըխ-տա­կան շեշ­տադ­րում­նե­րը ուղ­ղուած երկրի միաս­նու­թեան գլխա­ւոր ե­րաշ­խիք հա­մա­րուող՝ լի­բա­նա­նեան բա­նա­կին:

Շէյ­խը յա­ջո­ղած էր կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ զի­նուո­րա­կան փոքր խմբա­ւո­րում­ներ ստեղ­ծել: Տար­բեր աղ­բիւր­ներ կը հա­ղոր­դէին, որ ան յա­ջո­ղած է հա­մախմ­բել մօ­տա­ւո­րա­պէս հա­րիւր յի­սուն «ե­րե­ւե­լի» զի­նեալ­ներ, բա­ցի այն գաղտ­նի բջիջ­նե­րէն, ո­րոնք կը գոր­ծէին մու­թին մէջ: Ա­սի­րի հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն էր սիւն­նի­նե­րու յա­տուկ «Ի­մա­րա» (Է­մի­րու­թիւն) մը կեր­տել Լի­բա­նա­նի հա­րա­ւը գտնուող Սայ­տա քա­ղա­քին մէջ ու այդ ա­ռու­մով ա­նոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կ­­՚ըն­թա­նա­յին շատ ա­րագ քայ­լե­րով:

Կրօ­նա­կան հիմ­քե­րով խօ­սող եւ իս­լա­մի քօ­ղին տակ պա­հուը­տած այս շէյ­խին հա­մար կա­րե­ւոր էր իր զի­նեալ ներ­կա­յու­թիւ­նը ամ­րապն­դել երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն «բաց պատ­գա­մ՝ մը ուղ­ղե­լով. «Տե­սէք «Հիզ­պուլ­լահ»ը ինչ­պի­սի զի­նեալ ներ­կա­յու­թիւն ու­նի եւ ես այդ զի­նուո­րա­կան ներ­կա­յու­թեան մէկ փոքր տար­բե­րա­կը պի­տի ստեղ­ծեմ՝ ըլ­լա­լով սիւն­նի­նե­րու հա­րա­զատ ձայ­նը եւ խօս­նա­կը»:

Այս վի­ճա­կին մէջ 2013 թուա­կա­նի Յու­նի­սին Սայ­տա­յի մէջ տե­ղա­կա­յուած բա­նա­կին դէմ տե­ղի ու­նե­ցած ոտնձ­գու­թիւ­նը կը վե­րա­ծուէր հա­մընդ­հա­նուր բա­խում­նե­րու: Բա­նա­կը կու­ տար տաս-նըեօթ զո­հեր, իսկ Ա­սի­րի տաս­նեակ հե­տե­ւորդ­ներ կը սպան­նուէին Սայ­տա­յի Ապ­րա շրջա­նին մէջ գրան­ցուած բա­խում­նե­րուն: Ա­սիր եւ իր սերտ գոր­ծա­կի­ցը, որ կը կո­չուի Ֆա­տըլ Շա­քէր կը յա­ջո­ղէին խոյս տալ շրջա­նէն: Բա­ցի զոհուած­նե­րէն շուրջ հա­րիւր ե­րե­սու­նի չափ զի­նեալ­ներ կը ձեր­բա­կա­լուէին, իսկ ա­պա­հո­վա­կան մար­մին­նե­րու խոյս տուող­նե­րուն թի­ւը կ­­՚անց­նէր հա­րիւր յի­սու­նը: Ահ­մէտ Ա­սիր թէ՛ խոյս կու ­տար եւ թէ կ՚անց­նէր ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թեան: Ան մերթ ընդ մերթ ձայ­նա­յին պատ­գամ­ներ եւ «թուիթ»ներ կը հրա­պա­րա­կէր շա­րու­նա­կե­լով իր քննա­դա­տու­թիւն­նե­րը ուղ­ղուած՝ «Հիզ­պուլ­լահ»ին եւ սիւն­նի հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րու­թեան:

Ե­րե­ւե­լի էր նաեւ, որ բա­նա­կին հա­մար Ա­սի­րը կը դառ­նար հիմ­նա­կան թի­րախ: Բա­նա­կի զո­հուած­նե­րուն ըն­տա­նիք­նե­րը կը միա­ւո­րուէին ու կը ստեղ­ծէին յա­տուկ մար­մին մը, որ բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ կա­տա­րե­լով բա­նա­կի բարձ­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն կը պա­հան­ջէր ան­զի­ջող ըլ­լալ Ա­սի­րին ու ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րուն նկատ­մամբ:

Միւս կող­մէ, ըն­թացք կ­­՚առ­նէր «Ապ­րա­յի դէպ­քե­ր» խո­րա­գի­րը կրող դա­տա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին իս­լա­մա­մէտ զի­նեալ­ներ զի­նուո­րա­կան դա­տա­կան ա­տեա­նին առ­ջեւ ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րը կու­ տա­յին բա­նա­կին դէմ տե­ղի ու­նե­ցած գրոհ­նե­րուն մա­սին:

Լի­բա­նա­նեան բա­նա­կը ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէր, որ բա­խու­մի կը բռնուէր սիւն­նի ծայ­րա­յե­ղա­կան զի­նեալ­նե­րուն հետ: Ա­ւե­լի վաղ բա­խում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան Թրի­փո­լի քա­ղա­քին մէջ ու ընդ­հա­րում­նե­րուն ա­մե­նէն ան­կիւ­նա­դար­ձա­յի­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 2007 թուա­կա­նին, Թրի­փո­լիի Նահր Պա­րէտ գաղ­թա­կա­յա­նին մէջ, ուր բա­նա­կը ա­միս մը տե­ւած ծանր բա­խում­նե­րէ ետք կը յա­ջո­ղէր «Քաթհ Ալ Իս­լա­մ» ա­նու­նը կրող խմբա­ւոր­ման մա­հա­ցու հա­րուած մը տալ: Յատ­կան­շա­կան է, որ այս ար­մա­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րը կը յայտ­նը-ւէին պա­ղես­տի­նեան ֆո­նի մը վրայ, բան մը, որ կը վատ­թա­րաց­նէր Լի­բա­նան-Պա­ղես­տին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: Ա­ւե­լի ուշ սա­կայն, Պա­ղես­տի­նի Նա­խա­գահ Մահ­մուտ Ապ­պաս կա­ռա­վա­րա­կան ո­րու­շու­մով եւ բա­զում ան­գամ ե­ղած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով կը յայտ­նէր, որ Լի­բա­նան գտնուող բո­լոր պա­ղես­տին­ցի­նե­րը կո­չուած են հե­ռու մնալ լի­բա­նա­նեան բա­նա­կին հետ բա­խում­ներ հրահ­րե­լու փոր­ձու­թե­նէն: Տա­կա­ւին պա­ղես­տին­ցի զի­նեալ­նե­րուն կ­­՚ար­գի­լուէր ի­րենց գաղ­թա­կա­յան­նե­րէն դուրս զէնք կրել:

Այս հան­գա­մանք­նե­րը օ­ժան­դա­կե­ցին, որ Լի­բա­նա­նի հա­մար լա­րուած ու­ժա­նակ հա­մա­րուող պա­ղես­տի­նեան կարգ մը գաղթ­ա­կա­յան­ներ մնան ամ­բող­ջա­կան վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ:

Ա­սի­րի ձեր­բա­կալ­ման հան­գա­մանք­նե­րը քննու­թեան են­թար­կե­լու հա­մար պէտք է նաեւ հա­շուի առ­նել այն ար­տա­քին ազ­դակ­նե­րը, ո­րոնք կը տի­րեն շրջա­նին մէջ:

Պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ բա­նա­կին ու­նե­ցած կա­րե­ւոր դե­րը լի­բա­նա­նեան Թրի­փո­լի քա­ղա­քին մէջ: Հոն նաեւ բա­խում­նե­րու օ­ճախ հա­մա­րուող եր­կու շրջան­նե­րուն, այ­սինքն՝ Ժա­պալ Մոհ­սէն եւ Պապ Ալ Թը­պա­նէի մէջ, ուր բա­նա­կը յա­ջո­ղե­ցաւ մաք­րել այդ վայ­րե­րը զի­նեալ բջիջ­նե­րէ: Ա­լե­ւի-սիւն­նի հիմ­քով եւ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն դէմ եւ թեր հան­գա­մանք­նե­րով կի­սուած եւ զի­նուո­րա­կան գօ­տի դար­ձած այդ շրջան­նե­րուն մէջ բա­խում­նե­րը դար­ձած էին յա­ճա­խա­կի: Քա­ղա­քին մէջ տի­րող ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան պայ­ման­նե­րը նաեւ հիմ­նա­կան պատ­ճառ կը դառ­նա­յին իս­լամ ար­մա­տա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու ստեղծ­ման եւ այդ զի­նեալ­նե­րը յար­ձա­կում­ներ կը կա­տա­րէին բա­նա­կին դէմ: Ա­նոնք նաեւ ու­նէին տար­բեր եր­կիր­նե­րէ Թրի­փո­լի հա­սած ծայ­րա­յե­ղա­կան մոլ­լա­նե­րու նե­ցու­կը ու այդ ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Թրի­փո­լին կը դառ­նար լա­րուած ա­կան:

Բնա­կա­նա­բար բա­նա­կին ու­նե­ցած յա­ջո­ղու­թիւ­նը կը պայ­մա­նա­ւո­րուէր ար­տա­քին ազ­դակ­նե­րով: Հոս կրկնե­լու գնով պէտք է նշել, որ ներ­կայ պա­հու դրու­թեամբ շրջա­նա­յին ու­ժեր հա­մա­ձայ­նած են Լի­բա­նա­նը հե­ռու պա­հել պա­տեր­զա­մա­կան բա­խում­նե­րու թա­տե­րա­բեմ ըլ­լա­լու վտան­գա­ւոր խա­ղէն:

Զի­նուո­րա­կան ճա­կա­տում­նե­րը ար­գի­լուած են, բայց հա­կա­ռակ այդ դրուած­քին քա­ղա­քա­կան կող­մե­րը կրնան տար­բե՛ր դի­տան­կիւն­նե­րէ եւ տար­բեր պայ­ման­նե­րու տակ զի­րար մե­ղադ­րել, զի­րար քննա­դա­տել ու նոյ­նիսկ ի­րա­րու ցե­խար­ձա­կում­ներ կա­տա­րել: Ինչ­պէս շրջա­նին, նոյն­պէս Լի­բա­նա­նի մէջ բա­խում­նե­րու ա­ռանց­քը սիւն­նի-շիի հա­կա­մար­տու­թիւնն է:

Ու այս ամ­բող­ջին մէջ Ահ­մէտ Ա­սի­րի ձեր­բա­կա­լուի­լը եւս կը բա­ցատ­րէ եր­կու բան: Ա­ռա­ջի­նը՝ սիւն­նի աշ­խար­հին հա­մար մեր­ժե­լի է ար­մա­տա­կան զի­նեալ բա­խում­նե­րը փո­խադ­րել Լի­բա­նան: Երկ­րորդ՝ «Հիզ­պուլ­լահ»ին հա­մար եւս շա­հե­կան չէ ներ­քին խլրտում­ներ ու­նե­նա­լը:

Այս ֆո­նին վրայ եր­կի­րը ու­նի ըն­կե­րա­յին ու տնտե­սա­կան ծանր խնդիր­ներ, ո­րոնց հիմ­նա­կա­նը, որ­պէս օ­րի­նակ՝ աղ­բա­հան­ման խնդիրն է, որ ու­նի բա­ւա­րար նե­րուժ երկ­րի ա­նօգ­նա­կան եւ ա­նուժ քա­ղա­քա­ցիա­կան շար­ժում­նե­րուն «շունչ մը տա­լու» եւ ա­նոնց պայ­քա­րը փո­ղոց ի­ջեց­նե­լու:

Պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ, որ Լի­բա­նա­նի պէս երկ­րի մը հա­մար անհ­նար է մէկ թե­ւով ղե­կա­վա­րուիլ: Այ­սինքն ա­ռանց Սէուա­տա­կան հո­վա­նին վա­յե­լող սիւն­նի ու­ժե­րուն, անհ­նար է, որ ի­րա­նեան թե­քում ու­նե­ցող «Հիզ­պուլ­լահ»ը եւ ա­նոր քա­ղա­քա­կան «ար­բա­նեակ­նե­ր­»ը յա­ջո­ղին դրա­կան գո­րըն­թաց­նե­րու սկսիլ:

Վե­րա­դառ­նա­լով Ա­սի­րին՝ մէ­կէ ա­ւե­լի աղ­բիւր­ներ գրե­ցին ու ցու­ցադ­րե­ցին ա­նոր «բա­րե­փո­խուա­ծ» դէմ­քին պատ­կեր­նե­րը: Ա­սիր են­թար­կուած էր «գե­ղեց­կա­գի­տա­կա­ն» յա­տուկ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու եւ ստա­ցած էր պա­ղես­տի­նեան ան­ցա­գիր՝ մեկ­նե­լու հա­մար Գա­հի­րէ ու ա­պա Նի­ժե­րիա: Ճիշդ է նաեւ, որ լի­բա­նա­նեան լրա­տուա­կան աղ­բիւր­նե­րը «ոս­տի­կա­նա­կան հէ­քեաթ­նե­ր» յօ­րի­նե­ցին Ահ­մէտ Ա­սի­րին մա­սին: Ու սխալ չէ այն մօ­տե­ցու­մը, թէ Ա­սիր իր էու­թեամբ կը փոր­ձէր սիւն­նի-շիի հա­կար­տու­թեան նոր ե­րանգ հա­ղոր­դել:

Ա­նոր հիմ­նա­կան գրա­ւա­կա­նը զի­նեալ պայ­քարն էր ու այդ պայ­քա­րին հիմ­նա­կան թի­րա­խը շիի «Հիզ­պուլ­լահ»ը: Ա­սիր կը ձա­խո­ղէր իր ծրագ­րին մէջ եւ Լի­բա­նան ան­գամ մը եւս կը փրկուէր քա­ղա­քա­ցիա­կան բա­խում­նե­րու հա­ւա­նա­կան բե­մագ­րու­թե­նէ մը: Բայց կը մնայ հար­ցու­մը, որ ար­դեօք Ա­սիրն ու ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րը հո­վա­նա­ւո­րող ար­տա­քին կող­մե­րը վեր­ջնա­կա­նա­պէս հրա­ժա­րա՞ծ են ի­րենց այս մօ­տե­ցում­նե­րէն: Լի­բա­նան այ­սօր իր բո­լոր տագ­նապ­նե­րով հան­դերձ դար­ձած է Մի­ջին Ա­րե­ւե­լքի դժոխ­քի փոք­րիկ ա­պա­հով դրախ­տը: Ար­դեօք այս ի­րա­վի­ճա­կը մշտա­կա՞ն է:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2015