ԺԱՄԱՆԱ՛ԿՆ Է ՈՐ ԻՐԱՆ ԲԱՑՈՒԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Ջերմակորիզային համաձայնութիւնը, որ կնքուեցաւ Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ, Իրանի եւ վեց գերպետութեանց միջեւ, անկասկած պատմական անկիւնադարձային, ուշագրաւ դէպք մըն է։ Այդ վեց պետութիւններն են Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները - Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Ֆրանսան, Մեծն Բրիտանիան ու Չինաստանը - ինչպէս նաեւ Գերմանիան։ Այս առիթով մասնակից եղաւ Եւրոպական միութիւնը եւս։ Այս համաձայնութեամբ վերջ գտած կը նկատուի երեսունվեց տարուան թշնամութիւնը, որ գոյութեան եկած էր Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ։
Այս նիւթին շուրջ կ՚ուզենք արտայայտուիլ, որովհետեւ Իրանը Հայաստանի չորս դրացի պետութիւններէն մէկն է, քրիստոնեայ չըլլալով հանդերձ աւելի՛ բարեացակամ վերաբերում կը ցուցաբերէ մեր հայրենիքին ու կառավարութեան հանդէպ, քան թէ քրիստոնեայ Վրաստանը։ Կասկած չկայ, որ մենք եւ - կառավարութիւն ու ժողովուրդ - կը փոխադարձենք եւ պէ՛տք է փոխադարձենք միեւնոյն բարեկամական յարաբերութիւնները։
Առաջին հարցումը, որ այս պահուն մեր միտքը կու գայ հետեւեալն է. ի՞նչ կը մտածուի Իրանի մասին, այլ խօսքով՝ այժմ ընդհանուր տպաւորութիւնները ի՞նչ են իրանցի ժողովուրդին եւ անոր ղեկավարներուն հանդէպ։ Ոմանք լաւ կ՚արտայայտուին, ուրիշներ՝ ոչ-լաւ, ինչ որ հասկնալի է։ Զարմանալին այն է, որ որոշ թիւ մը անձեր դժուարութեան կը մատնուին արտայայտուելու ժամանակ։
Այսպէս իբրեւ օրինակ յիշենք անունը ազգային հերոս զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեանի, որուն հետ հարցազրոյց մը ունեցած է սփիւռքահայութեան շքեղ ու տպաւորիչ ամսաթերթ «Nouvelles d’Arménie»ն, Մարտ 2015-ի թիւով եւ որուն ընթացքին հետեւեալ հարցումը ուղղած է.
«Իսկ Իրա՞նը, Հայաստանի բնական դաշնակից մը չէ՞»։
Ազգային հերոս զօրավարը տուած է համառօտ այլ համապարփակ պատասխան մը. «Իրանը վաղնջական երկիր մըն է հիանալի մշակոյթով, բայց ան շատ բարդ է։ Ոչ ոք կրնայ գիտնալ, թէ իրանցիները իրականութեան մէջ ի՞նչ կը մտածեն»։
Այս յատկանշական լուսաբանութեամբ, այսուհետեւ մեր յայտնելիք կարծիքները դիւրահասկնալի կը դառնան իսկոյն։
Արդարեւ, Վիեննայի համաձայնութիւնը մեզ կը դնէ տարօրինակ կացութեան մը առջեւ։ Համաձայնութիւն գոյացած է, բայց ոչ ոք բոլորովին գոհ է, կը շեշտենք. երկու կողմերն ալ դժգոհութեան պատճառներով իրենք զիրենք անհանգիստ կը զգան…։
Ուշադրութեան առարկայ դարձնենք Ուաշինկթընը։ Հասկնալիօրէն հանրապետական տասնվեց թեկնածուները, մեծաւ մասամբ, դէմ են այդ համաձայնութեան. կը խորհին, թէ բանագնաց Ճոն Քերին թոյլ գտնուած է. անոնք կ՚ակնկալէին, որ առաւել սեղմումներու ենթարկուելու էր Իրանը, որպէսզի հրաժարի հիւլէական ռումբ պատրաստելէ. կ՚ակնկալէին նո՛յնիսկ պատերազմելու հաւանականութեան մը մասին։
Բուն խնդիրը սակայն, հանրապետականներուն հանած աղմուկը չէ, այլ նո՛յնիսկ Նախագահ Օպաման եւ Ճոն Քերին ամբողջական ինքնավստահութիւն չունին, որ իրանցիք անկե՞ղծ են, թէ ոչ կը կեղծեն անկեղծ ըլլալ։ Այսուհանդերձ, անոնց դիրքորոշումը հանրապետականներէն աւելի նախընտրելի է, քանի որ անոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնեն իրենց դիրքը փոխելու անմիջապէս, երբ համոզում գոյացնեն, թէ համաձայնութեան պայմանները չեն յարգուիր, ինչո՞ւ ի յառաջագունէ դատապարտել Թեհրանը, որ յօժարած է դրուած պայմաններուն, ինչո՞ւ նոր սեղմումներու ենթարկել զայն, նոյնիսկ՝ պատերազմ հռչակել, երբ տակաւին կանխահաս է եւ այժմ աւելի վտանգաւոր է ամէն տեսակ ծայրայեղութեանց դիմելը։
Յետոյ նկատի ունենանք Իրանը, որուն գերագոյն ղեկավարը՝ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյ, որ համաձայնութեան կնքումէն անմիջապէս ետք անսպասելի յայտարարութիւն մը ըրաւ, ըսելով, թէ իր երկիրը, այս կնքումէն ետք չի փոխեր իր քաղաքականութիւնը Միացեալ Նահանգներու հանդէպ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ինքն ալ զգուշութեամբ կը նայի նոր իրականութեան։
Գալով ուրիշ պետութեանց դիրքաւորման, ատիկա կարեւոր չենք նկատեր։ Այսուհանդերձ, կ՚արժէ յիշել միմիայն Իսրայէլը, պզտիկ պետութիւն մը, որուն վարչապետը՝ Պենիամին Նեթանիյահուն անգամ մը եւս ծայրայեղական որոշումներ արձակելու անզուսպ կարիքը կը տեսնէ եւ կ՚արտայայտուի, այն տպաւորութիւնը նկրտելով ձգել, թէ ի՛նք եւս, վեց հզօր պետութեանց կարգին դասուած պետութեան մը ղեկավարն է…։
Ուրիշ դժգոհութիւն մըն է այն իրողութիւնը, որ Թեհրան նոյնիսկ տնտեսական ծանր ճնշումներու ենթարկուած օրերուն, կանոնաւորապէս նիւթապէս կ՚օժանդակէր «Հիզպուլլահ»ին։ Հետեւաբար, ոմանք կ՚ենթադրեն, որ հիմա սեղմումներուն վերացումով, Իրան տնտեսականօրէն զօրանալով աւելի պիտի օժանդակէ որո՛ւ որ ուզէ։
CIA կը հաւատայ, որ իրանցիք արդէն 2013 թուականին մէկ կողմ դրած են որեւէ հիւլէական զէնք պատրաստելու ամէն ծրագիր։ Այսուհանդերձ, շատերու մտքին մէջ այն գաղափարը տեղ գտած է, թէ Թեհրան ուշ կամ կանուխ պիտի տիրանայ իր հիւլէական զէնքերուն, եթէ ուզէ։ Մի՛ մոռնաք, որ Իսրայէլ արդէն տիրացած է Հիւսիսային Քորէային, սուտ խօսած է եւ տիրացած է։ Աւելի՛ն. այս յեղեղուած ու չարչարուած հարցը ոմանց չափազանցածին չափ ալ վտանգաւոր չէ, ահա թէ ինչո՛ւ։
Արդարեւ, թէեւ համաձայնութիւնը Իրանը պիտի զօրացնէ, բայց երկիրն ալ միաժամանակ պիտի բացուի աշխարհին։ Ահա՛, հո՛ս կը կայանայ գլխաւոր հարցը, որ պէտք է պարզել։
«Թայմ» շաբաթաթերթի գլխաւոր աշխատակիցներէն Ճօ Քլայն ի միջի այլոց կը գրէ, թէ ինք 2001 եւ 2009 թուականներուն այցելած է Իրան ու զարմացած՝ երկրին բնակչութեան հաւաքական հոգեբանութեան դրական փոփոխութեան ի տես, այլ խօսքով՝ անոնք՝ իրանցիները կը ցուցաբերեն ուշագրաւ ձգտում մը աշխարհին բացուելու. ասիկա կենսական հիմնակէտ մըն է, որ հետզհետէ աւելի պիտի խստանայ։ Ինչ որ երբեմնի նախագահ Նիքսընի օրով, շնորհիւ Տքթ. Հենրի Քիսինճըրի իրականացաւ Չինաստանի մէջ, այս օրերուն պատահելու վրայ է Իրանի մէջ։ Այս անգամ Նախագահ Օպամա լա՛ւ դիրքի վրայ է եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի լաւ դերակատարութիւն ունեցաւ։ Այն ատեն Նիքսընն ու Քիսինճըրը ծանրօրէն քննադատուեցան, բայց ըլլալիքը եղաւ։ Հիմա ալ Օպաման ու Քերին ասոր-անոր խծբծանքին տեղի կու տան, բայց ըլլալիքը պիտի ըլլայ…։
Ներհակաբար Հիւսիսային Քորէային, որ սուտ խօսեցաւ իր ատենին, այսօր Այէթուլլահ Ալի Խամանէյ յայտարարեց, թէ՝ «Սինլքոր ըլլալէն աւելի լաւ է աշխարհին բացուիլը»։
ՏՔԹ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ