ԿԱՍԿԱԾԱՅԱՐՈՅՑ ՆՒՒԹԵՐ
Կիւմրիի մէջ տարեմուտին Աւետիսեաններու ընտանիքին եօթ անդամները դաժանօրէն սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատավարութեան առաջին հանգրուանին լայն արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս Կիւմրիի մէջ, Ռուսաստանի զինուորական խարիսխի տարածքէն ներս, Հիւսիսային Կովկասի ռուսական զօրքերու կայազօրային զինուորական դատարանը արտագնայ նիստ մը գումարելով դատեց Վալերի Փերմեաքովը։ Դասալքութեան եւ ապօրինի զէնք կրելու յանցանքներուն բերումով դատուած Փերմեաքով ենթարկուեցաւ տասը տարուան բանտարկութեան։ Այս դատավարութեան երկրորդ հանգրուանը, որ կը վերաբերի բոյն ոճրագործութեան, պիտի իրականացնէ հայկական կողմը։
Փերմեաքովի դատավարութեան առաջին փուլին աւարտին՝ Աւետիսեաններու ընտանիքի իրաւայաջորդներուն փաստաբանները Երեւանի մէջ սարքեցին մամլոյ ասուլիս մը։ Իրաւաբանները զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ մեկնաբանեցին արձակուած դատավճիռը եւ ըսին, թէ ներկայացուցած են միջնորդութիւն մը, որպէսզի Փերմեաքովի դէմ դատական գործ մը եւս յարուցուի՝ սահմանը ապօրինի հատելու եւ յափշտակութիւններու մեղադրանքով։
Ընդհանուր առմամբ, փաստաբանները ընդգծեցին, թէ դատավարութեան ընթացքին Փերմեաքովի վարքը կասկածայարոյց կը նկատուի։
Փաստաբանները տակաւին պիտի փորձեն յստակացնել, թէ այդ հրեշաւոր ոճրագործութեան ընթացքին Փերմեաքով առանձի՞ն էր, թէ ոչ իր մօտ կար ուրիշ անձ մը կամ կային ուրիշներ։
Ներկայիս Վալերի Փերմեաքով կը գտնուի Կիւմրիի ռուսական ռազմակայանի տարածքէն ներս։ Իր փաստաբանը տեղեկացուցած է, թէ իրեն դէմ արձակուած վճիռը պիտի չբողոքարկուի։ Իսկ սպաննութեան գործով դատավարութենէն վերջ ան ո՞ւր պիտի կրէ իր պատիժը, ըստ փաստաբանին, տակաւին յայտնի չէ։ Սա արդէն հետագայ քննարկումներու նիւթ է։