ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆՊԱՇՏՕՆԸ
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այս օրերուն կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ան անցեալ Երկուշաբթի ժամանած է Պոլիս, իր հետ ունենալով Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեանը, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց գրասենեակի տեսուչն է։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ, յանուն Պատրիարքական Աթոռին, զինքը դիմաւորած է Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ իր այցելութեան զանազան հանգրուաններուն եղած է նաեւ Նորին Ամենապատուութեան հետ։
Մեր ստացած տեղեկութիւններուն համաձայն, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս Մանուկեան Պատրիարք «անպաշտօն» այցելութիւնով մը եկած է Պոլիս։ Ան եւ իր ընկերակիցը կ՚իջեւանին Էլմատաղի «Տիվան» պանդոկին մէջ։ Թէեւ Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչին կողմէ դիմաւորուած է հիւր Պատրիարքը, սակայն ան իր կեցութեան օրերուն չէ այցելած Պատրիարքարան՝ ինչ որ միշտ կը պատահի իր այս «անպաշտօն» որակուած այցելութիւններուն ընթացքին։ Այս օրերուն ան չէ տեսակցած նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ, որովհետեւ ան արձակուրդի մեկնած է արտասահման։
Դարձեալ մեր ստացած տեղեկութիւններով, անցեալի մէջ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատկանած կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու որոնումներով կը բացատրուի հիւր Պատրիարքին այցելութեան շարժառիթը։ Յամենայնդէպս, հաւաստի աղբիւրներէ մեր քաղած տեղեկութիւններուն համաձայն, այս մէկն ալ որոշ չափով պատրուակ մը դարձած է, որովհետեւ Մանուկեան Պատրիարք միայն անգամ մը տեսակցած է փաստաբաններու հետ։ Այսինքն, արդէն անխուսափելիօրէն ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, թէ Մանուկեանի այցելութեան շարժառիթը կալուածներու խնդիրէն անդին եղած է քաղաքիս մէջ շուրջ մէկ շաբ-թըւան արձակուրդ մը անցընելը եւ իր բարեկամական շրջանակին հետ ժամանցը։ Փաստաբաններու հետ հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։
Ծանօթ է, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածոց գրասենեակի տեսուչն էր Հայր Բագրատ Պուրճէքեան, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան շարքերէն ներս ապրուած վերջին վերիվայրումներուն հետեւանքով ներկայիս չէզոքացուած է վանքէն ներս։ Իրեն փոխարէն Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան կոչուած է այդ պաշտօնին եւ Պատրիարքին կողմէ կատար-ւած այս քմահաճ կարգադրութիւնները ստուեր կ՚ածեն նաեւ կալուածներու սեփական իրաւունքի հետապնդման աշխատանքներու յաջորդականութեան տեսակէտէ։
Ըստ երեւոյթին, Մանուկեան Պատրիարքի այս առեղծուածային «անպաշտօն» Իսթանպուլ այցելութիւնները հետզհետէ կը գաղտնազերծուին եւ ի յայտ կու գայ այն ճշմարտութիւնը, թէ ան քաղաքիս մէջ վանքի կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին հետամուտ ըլլալէ աւելի կը զբաղի հաճելի ժամանցով։
Նոյնպէս մեր աղբիւրներուն հաղորդումներով, Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան եւ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան վաղը առաւօտ հրաժեշտ պիտի առնեն քաղաքէս։