ԿԱԶԻ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ վերսկսած են բանակցութիւնները՝ «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի կառուցման ծրագիրը կեանքի կոչելու ուղղութեամբ։ Ըստ իրեն, թէ՛ Անգարա եւ թէ Մոսկուա յառաջիկայ շրջանին օգուտներ պիտի քաղեն՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու բնականոնացման շնորհիւ։
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման զուգահեռ ներկայիս օրակարգի վրայ կը գտնուի ուժանիւթի բնագաւառէն ներս երկու երկիրներու համագործակցութեան ապագան։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ յաղթահարուած տագնապին զուգահեռ՝ անմիջապէս օրակարգի վրայ եկաւ «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի ծրագրին կառուցման վերակենդանացումը։ Երկար տարիներէ ի վեր Ռուսաստան կը հանդիսանայ Թուրքիոյ համար մեծագոյն կազ արտադրողը։ Իսկ «Թրքական հոսք»ը այդ համագործակցութիւնը կրնայ բոլորովին նոր հարթութեան մը վրայ դնել։ Ներկայիս երկու երկիրները մեծ եռանդով մը կը ներգրաւուին այս աշխատանքին, որովհետեւ վերոյիշեալ նախագիծը երկուքին տեսակէտէ ալ ունի յատուկ նշանակութիւն։ Թուրքիա կազամատակարարման անվտանգութեան տեսակէտէ երաշխիք մը կը համարէ այս խողովակաշարը։ Իսկ Ռուաստան այդ մէկը կը կարեւորէ՝ Ուքրայնան շրջանցելով դէպի Եւրոպա բնական կազ հասցնելու տեսանկիւնէն։
Շուրջ երկուքուկէս տարի առաջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին Անգարայի մէջ միասնաբար յայտարարած էին, թէ «Հարաւային հոսք»ի ծրագիրը պիտի ջնջուէր՝ Եւրոպայի հետ ծագած դժուարութիւններուն հետեւանքով։ Փութինի խօսքերով, այդ մէկը կրնար փոխարինուէր Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կառուցուելիք նոր խողովակաշարով մը։ Թուրքիա-Յունաստան սահմանին վրայ պիտի հիմնուէր կազամատակարարման մեծ կեդրոն մը, որու միջոցաւ կարելի պիտի ըլլար դիմագրաւել Հարաւային Եւրոպայի երկիրներուն կարիքը։ Նոյնիսկ, «Հարաւային հոսք»էն հրաժարելով Թուրքիոյ պարագային կատարուած նախընտրութիւնը զարմանք յառաջացուցած էր Եւրոպայի մէջ։ «Հարաւային հոսք»ի պարագային բնական կազի Եւրոպա մուտքի կէտը պիտի հանդիսանար Պուլկարիան։ Այս վերջինը չփափաքեցաւ կորսնցնել իր այդ դիրքը։ Միջազգային լրատուամիջոցները հրապարակուած այդ ծրագիրը կոչեցին «Թրքական հոսք»։ Անգարայի պաշտօնական շրջանակներէն ալ համամիտ էին այդ որակման, իսկ հիմնաւորումը այն էր՝ որ մեծ ծրագիր մը մշակուած էր, ելմտական հսկայական միջոցներու հեռանկարով։ Սեւ ծովու յատակով կառուցուելիք խողովակաշարին միջոցաւ Ռուսաստանի բնական կազը «Թրքական հոսք»ին միջոցաւ պիտի հասնէր Յունաստան։ Այս մեծ ծրագիրը վերջին շրջանին կաղաց Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ծագած ճգնաժամին հետեւանքով։ Աւելի՛ն, երկու երկիրները չէին յաջողած համաձայնութիւն մը գոյացնել՝ բնական կազի սակագնի զեղչերուն շուրջ։ Կարճ խօսքով՝ «Թրքական հոսք»ի մասին կատարուած առաջին յայտարարութենէն ի վեր Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները անցան լուրջ փորձութենէ մը։ Իսկ ներկայիս Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ մօտաւոր անցեալին Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովէն վերջ որոշուած է վերակենդանացնել «Թրքական հոսք»ի ծրագիրը։
Ռուսաստանի Ուժանիւթի նախարար Ալեքսան Նովաք տեղեկացուց, որ «Թրքական հոսք»ի առաջին գիծը կարելի է կառուցել 2019 թուականի երկրորդ կէսին։ Իր կարգին, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ յայտնած էր, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին եւ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին գործի պիտի ձեռնարկուի՝ «Թրքական հոսք»ը կեանքի կոչելու համար։ Ըստ նախարարին, Թուրքիա այսպէսով պիտի փոխարինէ Արեւմտեան հոսքի միջոցաւ ստացած ռուսական կազը։ Ամէն տարի 16 միլիառ խորանարդ մեթր կազ պիտի ապահովէ երկիրը եւ աւելցած բաժինը պիտի միացուի TANAP-ին։ Չավուշօղլուի կանխատեսումներով, կ՚ենթադրուի 2018 թուականին աւարտին հասցնել այս գործը եւ բնական կազը առաքել դէպի Եւրոպա։
Բնականաբար, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ռուսաստանի տեսակէտէ այս ծրագիրը ունի քաղաքական նշանակութիւն։ «Թրքական հոսք»ը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ եւ եւրոպական երկիրներու բնական կազի կարիքի դիմագրաւման առումով։ Միւս կողմէ, սակայն, Եւրոպա կը ձգտի ձերբազատուիլ ռուսական կազէն ունեցած կախուածութենէն։ Ռուսաստան որոշած է 2019 թուականէն սկսեալ Ուքրայնան շրջանցել կազի արտածման ճանապարհին։ Մոսկուա մէկ կողմէ կը փնտռէ այլընտրանքային ուղղութիւն մը, իսկ միւս կողմէ կը խուսափի իր գերակշիռ դիրքը կորսնցնելէ՝ դէպի Եւրոպա բնական կազ արտածելու առումով։ Ներկայ հաւասարակշռութիւններով, Ռուսաստանի պարագային դէպի Եւրոպա այլընտրանքային ուղղութիւնները խցանուած են։ Այս իսկ պատճառով «Թրքական հոսք»ի կառուցուիլը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ռուսական կողմին տեսակէտէ։ Իր կարգին, Թուրքիան ալ ունի միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ մտադրութիւններ։ Արդարեւ, երկիրը կը ձգտի դառնալ բնական կազի առեւտուրի կեդրոն մը։ Մեկնաբաններու համոզմամբ, «Թրքական հոսք»ը կրնայ Անգարայի դիրքերը ամրապնդել, որովհետեւ այդ մէկը մեկնաբաններու կողմէ կը գնահատուի՝ որպէս ուժանիւթի կեդրոն մը։
Մասնագէտներու կանխատեսումներով, ապագային խնդրոյ առարկայ կրնայ դառնալ նոյնիսկ «Թրքական հոսք»ի երկրորդ գիծի մը կառուցումը։ Օքսֆորտի Ուժանիւթի կաճառի կազի հետազօտութեան բաժանմունքի ղեկավար Փրոֆ. Ճանըթըն Շթերն համոզուած է, որ եթէ Թուրքիա յաւելեալ կազ պահանջէ Ռուսաստանէն, ապա երկրորդ գիծի մը կառուցումը կրնայ դառնալ անհրաժեշտ։ Ըստ իրեն, «Կապոյտ հոսք»ին առընթեր «Թրքական հոսք»ի միջոցաւ Թուրքիա կրնայ լուրջ առաւելութիւն ձեռք ձգել։ Այսպէս, որեւէ երրորդ երկրէ մը տարանցիկ պիտի չանցնի այն կազը, զոր պիտի ապահովէ Թուրքիան։ Որքան ատեն, որ Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւնները մնան ամուր, սա միեւնոյն ժամանակ թրքական կողմին տեսակէտէ պիտի ըլլայ անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխիք մը։ Յամենայնդէպս, առեւտրական հաւանական օգուտներուն մասին կանխատեսումները տակաւին վաղ կը համարուին իր տեսանկիւնէն։
«Թրքական հոսք»ին տեսակէտէ միջնաժամկէտ առումով կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նաեւ Ռուսաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները։ Եթէ ԵՄ-ի եւ Մոսկուայի միջեւ համաձայնութիւն մը գոյանայ բնական կազի վերաբերեալ կարգաւորիչ խնդիրներուն շուրջ, ապա բոլորովին նոր իրավիճակ մը կրնայ ստեղծուիլ։ Շթերնի կանխատեսումներով, այդ պարագային «Թրքական հոսք»ի երկրորդ գիծի մը կառուցման փոխարէն՝ կրնայ վերակենդանանալ այս անգամ «Հարաւային հոսք»ը։ Հետեւաբար, TANAP-ը, «Հիւսիսային հոսք» Բ.-ը եւ մնացեալ ծրագրերը պիտի զարգանան անկախ այդ բոլոր իրադարձութիւններէն։
Ուժանիւթի շուկայի այլ մասնագէտներ ալ ուշադրութիւն կը հրաւիրեն հետաքրքրական ուրիշ տուեալի մը վրայ։ Ռուսաստանի բնական կազի «Կազփրոմ» ընկերութիւնը որոշած է յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին շուրջ 15 միլիառ խորանարդ մեթրով աւելցնել բնական կազի առաքումները դէպի Եւրոպա։ Վերջին տասն տարիներուն ընթացքին միայն երկու երկիր կանոնաւոր թափով բարձրացուցած է Ռուսաստանէն ստացած կազին քանակութիւնը։ Այդ երկիրներն են Թուրքիան ու Գերմանիան։ Հետեւաբար, ռուսական կողմը հետամուտ է ամրապնդել իր ուղղակի հասանելիութիւնը՝ դէպի այս երկու երկիրները, այլ խօսքով՝ այս երկու շուկաները։ Բացի Թուրքիայէն եւ Գերմանիայէն, Եւրոպայի մնացեալ երկիրներու պարագային «Կազփրոմ»ի վաճառքները կ՚ապրին անկում։
Այս ամբողջին մէջ Թուրքիոյ տեսանկիւնէն կայ նաեւ հաւասարակշռիչ ուրիշ գործօն մը։ Արդարեւ, երկրին մէջ հետզհետէ աւելի կը մեծնայ հեղուկացեալ բնական կազի (LNG) պահանջարկը։ Այս հանգամանքը կ՚ապահովէ, որ Թուրքիոյ պարագային զեղչուի բնական կազին սակագինը։ Այլապէս, Ռուսաստանէն կախուածութիւնը ամրապնդելիք ծրագրերուն փոխարէն Թուրքիա կրնայ զարկ տալ՝ LNG-ի հանգոյցները զարգացնելու ուղղեալ ծրագրերուն։ Այս իսկ առումով, մեկնաբաններ կը շեշտեն, որ Ռուսաստան ունի Թուրքիոյ աւելի մեծ կարիքը, քան թէ հակառակը։
Միւս կողմէ, եթէ 2019 թուականին Ռուսաստան դադրեցնէ բնական կազի արտածումները Ուքրայնոյ վրայով, ապա լուրջ պահանջարկ մը պիտի յառաջանայ նաեւ Պալքաններու մէջ։ Մասնագէտներ սակայն այս հանգամանքը այդքան ալ ճակատագրական չեն համարեր, քանի որ բնական կազի Թուրքիայէն վերջ Յունաստան կամ Պուլկարիա մտնելը մասնաւոր նշանակութիւն մը չի ներկայացներ։ Մեծ հաշուով կազը Թուրքիայէն վերջ մուտք գործած պիտի ըլլայ Եւրոմիութիւն։