ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ «ԳԱԼՈՒՍՏ ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԵՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը եւ «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թիւ­նը Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուած սու­րիա­հա­յե­րու հիմ­նախն­դիր­նե­րու հա­մա­կարգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ջակց­ման նպա­տա­կով պայ­մա­նագ­րա­յին հի­մունք­նե­րով աշ­խա­տան­քի կը հրա­ւի­րեն եր­կու մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք կ՚ընտ­րուին հար­ցազ­րոյ­ցի ար­դիւն­քով:

Թեկ­նա­ծու­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան ո­րակ­նե­րու եւ գի­տե­լիք­նե­րու (ո­րա­կա­ւո­րում­նե­րու), հմտու­թիւն­նե­րու եւ ու­նա­կու­թիւն­նե­րու ստուգ­ման չա­փա­նիշ­ներն են՝

Հմտու­թիւն­ներ եւ ու­նա­կու­թիւն­ներ.

- Հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ մի­ջանձ­նա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու,

- Խմբա­յին աշ­խա­տան­քի,

- Ժա­մա­նա­կի ար­դիւ­նա­ւէտ կա­ռա­վար­ման,

- Հա­շուե­տուու­թիւն­նե­րու պատ­րաստ­ման, ռազ­մա­վա­րու­թեան, հա­յե­ցա­կար­գե­րու, ծրագ­րե­րու մշակ­ման եւ ներ­կա­յաց­ման,

- Բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու,

- Տե­ղե­կա­տուու­թիւն հա­ւա­քագ­րե­լու, վեր­լու­ծե­լու եւ կա­ռա­վա­րե­լու,

- Բարձ­րա­ցուած խնդիր­նե­րու լուծ­ման հար­ցով հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան եւ ա­նոր հա­մար անհ­րա­ժեշտ կա­ռու­ցա­կար­գե­րու ներդր­ման,

- Հա­մա­ժո­ղով­նե­րու, ժո­ղով­նե­րու, նիս­տե­րու, հան­դի­պում­նե­րու եւ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման,

- Ո­րո­շում­նե­րու եւ փաս­տա­թուղ­թե­րու նա­խա­գի­ծե­րու պատ­րաստ­ման եւ այլն:

Մաս­նա­գի­տա­կան ո­րակ­ներ եւ գի­տե­լիք­ներ (ո­րա­կա­ւո­րում­ներ).

- Բարձ­րա­գոյն (առ­նուազն մա­գիստ­րո­սի աս­տի­ճան) կրթու­թիւն (նա­խա­պա­տուու­թիւ­նը կը տրուի ի­րա­ւա­բա­նա­կան եւ կամ տնտե­սա­գի­տա­կան կրթու­թիւն ու­նե­ցող թեկ­նա­ծու­նե­րուն),

- Հա­սա­րա­կա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ աշ­խա­տան­քի փորձ,

- Փախս­տա­կան­նե­րու, ա­պաս­տան հայ­ցող­նե­րու եւ տե­ղա­հա­նուած ան­ձանց ա­ռըն­չուող մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան աք­տե­րու եւ ազ­գա­յին օ­րէնսդ­րու­թեան ի­մա­ցու­թիւն,

- Հա­մա­կար­գի­չով եւ ժա­մա­նա­կա­կից թեք­նի­կա­կան այլ մի­ջոց­նե­րով աշ­խա­տե­լու ու­նա­կու­թիւն,

- Հա­յե­րէ­նի եւ անգ­լե­րէ­նի գե­րա­զանց ի­մա­ցու­թիւն (ռու­սե­րէ­նի, ա­րա­բե­րէ­նի ի­մա­ցու­թիւ­նը ցան­կա­լի է),

- Հար­կա­յին եւ մաք­սա­յին օ­րէնսդ­րու­թեան, ֆի­նանս­նե­րու ի­մա­ցու­թիւն (ցան­կա­լի է):

Հար­ցազ­րոյ­ցին մաս­նակ­ցե­լու ցան­կու­թիւն ու­նե­ցող եւ պա­հան­ջուող չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող ան­ձինք կրնան ի­րենց բնու­թագ­րե­րը (CV-ն) ու­ղար­կել middleeast@mindiaspora.am եւ carmenias@gulbenkian.pt ե­լեկտ­րո­նա­յին հաս­ցէ­նե­րով:

Թեկ­նա­ծու­նե­րու կող­մէն հար­ցազ­րոյ­ցին մաս­նակ­ցե­լու հա­մար դի­մում­նե­րու ներ­կա­յաց­ման վերջ­նա­ժամ­կէտն է Սեպ­տեմ­բեր 25-ը:

 Ընտ­րուած թեկ­նա­ծու­նե­րուն հար­ցազ­րոյ­ցի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մա­սին կը տե­ղե­կա­ցուի լրա­ցու­ցիչ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 22, 2016