ՀԻԼԸՐԻ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ նախագահին գլխաւոր խնդիրները պիտի դառնան ազգային տնտեսութեան բարելաւումը, անվտանգութեան ապահովումը եւ երկրին միաւորումը:
Քլինթըն Օհայօ նահանգին մէջ ներկայացնելով հարկային քաղաքականութեան իր ծրագիրը՝ ըսած է. «Յաջորդ նախագահը պիտի ունենայ երեք գլխաւոր մարտահրաւէր: Անոր անհրաժեշտ պիտի ըլլայ այնպէս ընել, որ տնտեսութիւնը աշխատի բոլորին, այլ ոչ միայն հարուստ վերնախաւին համար: Ան պէտք է ապահովէ մեր անվտանգութիւնն ու աշխարհի վրայ Միացեալ Նահանգներու կայուն յառաջատար դերը: Եւ ան պէտք է միաւորէ Ամերիկան»:
«Սի.Էն.Էն.»էն պատկերասփռուած իր արտասանած խօսքին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարարը լսարանին վստահեցուցած է, թէ պիտի ձգտի «երաշխաւորել, որ մեր դաշնակիցները ուժեղ են, եւ Միացեալ Նահանգները կրնան ապահովել ահաբեկիչներու վտանգէն, ուրկէ ալ որ անոնք ըլլան»:
Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հրապարակած տուեալները կը վկայեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն շարք մը բանալի նահանգներու մէջ, ներառեալ Նեւատան, կը գերազանցէ իր հանրապետական մրցակից Տանըլտ Թրամփը: Վերջինիս դիրքերը նաեւ այնքան ալ ամուր չեն աւանդաբար հանրապետականներուն աջակցող Արիզոնայի մէջ:
Վըրճինիան կը նկատուի այն նահանգներէն, որոնց համար կը ծաւալուի հիմնական դիմակայութիւնը, որովհետեւ այնտեղ թեկնածուներէն մէկուն յաղթանակը դժուար է նախատեսել: Իսկ առայժմ Քլինթըն այնտեղ ապահոված է քուէներուն 49 առ հարիւրը, իսկ Թրամփ՝ 37 առ հարիւրը:
Նեւատայի մէջ այդ տարբերութիւնը աւելի փոքր է, թէեւ Քլինթըն, բայց եւ այնպէս, կը գտնուի առաջին դիրքի վրայ քուէներուն 43 առ հարիւրով, իսկ Թրամփ ապահոված է քուէներուն 41 առ հարիւրը: «Սի.Պի.Էս.» կը նշէ, որ Քլինթըն այնտեղ կը վայելէ աջակցութիւնը լատին-ամերիկեան բնակչութեան, որ խիստ բացասաբար տրամադրուած է Թրամփի նկատմամբ՝ գաղթականները արտաքսելու անոր դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ Մեքսիկայի հետ սահմանին վրայ պատնէշ կառուցելու անոր ծրագիրին պատճառով:
Անակնկալ եղած են Արիզոնայէն ստացուած տուեալները. նահանգը, որ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուները միշտ ալ նուաճած են առանց դժուարութեան: Այժմ այնտեղ Թրամփի կ՚աջակցի քուէարկողներուն 44 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընին՝ 42 առ հարիւրը, այսինքն՝ անոնց միջեւ տարբերութիւնը վիճակագրական անճշդութեան սահմաններուն մէջ է:
«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ 7 Օգոստոսին ներկայացուած համազգային հարցախոյզի տուեալներուն համաձայն, եթէ նախագահի ընտրութիւնները տեղի ունենան այսօր, Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն 50 առ հարիւրը պիտի քուէարկէր Քլինթընի, իսկ 42 առ հարիւրը՝ Թրամփի օգտին: