ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 40-րդ նստաշրջանի արդիւնքին որոշուեցաւ 2017 թուականի յիշարժան յոբելեաններու շարքին դասել աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակը։ Կոմիտէի նստաշրջանի արդիւնքներու ամփոփման համար Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեան, Մշակոյթի փոխ-նախարար Ներսէս Տէր-Վարդանեան եւ Հայաստանի մէջ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի ընդհանուր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կազմակերպուած ասուլիսին ընթացքին Ներսէս Տէր-Վարդանեան տեղեկացուց, թէ Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակին առթիւ Հայաստան հանդէս եկած է զանազան նախաձեռնութիւններով՝ ցուցահանդէս եւ այլ ձեռնարկներ կազմակերպելու առաջադրութեամբ։ Ան յիշեցուց, որ Այվազովսքի մէկէ աւելի երկիրներու հետ կապուած է իր կենսագրութեան բերումով՝ ներառեալ Ռուսաստանն ու Լեհաստանը։ «Որպէս նախաձեռնող կողմ՝ Հայաստան ունի իր ծրագրերը։ Կը նախատեսուի մեծ ցուցահանդէս մը։ Համատեղ ծրագրեր ունինք Ռուսաստանի հետ, ներկայիս քննարկումներ կ՚ընթանան նաեւ Լեհաստանի հետ», ըսաւ Տէր-Վարդանեան։
Ամփոփիչ ասուլիսի ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ այն նիւթը, թէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէն Անիի աւերակները ընդգրկած էր Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին վրայ։ Ատենախօսները նշեցին, թէ այդ որոշումը երաշխիքներ կը ստեղծէ՝ յուշարձանի պահպանութեան տեսակէտէ։ Անիի վերաբերեալ հետագայ գործողութիւններուն շուրջ Թուրքիա յառաջիկային պարբերաբար զեկոյցներ պիտի ներկայացնէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ին՝ յուշարձանի պահպանութեան, զբօսաշրջական հոսքերու կառավարման եւ նման նիւթերու շուրջ։