ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ այցելեց Ամման, ուր հիւրընկալուեցաւ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին Էրտողանին ընկերացան Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք, Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան եւ Ապտուլլահ Բ. թագաւոր Ամմանի մէջ ունեցան առանձնազրոյց մը եւ աւելի վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Օրակարգի վրայ եկան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու տարածքաշրջանի իրադրութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահը Յորդանանի թագաւորին հետ անդրադարձաւ նաեւ Երուսաղէմի իսլամական սրբավայրերու վերաբերեալ հարցերուն։

Օրուան աւարտին Էրտողանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Անգարա։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2017