ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ
Հայ գրականութիւնը երէկ ունեցաւ ծանր կորուստ մը. ոչ եւս է Պերճ Զէյթունցեան։ Ան երէկ հեռացաւ կեանքէն եւ բօթը կայծակնային արագութեամբ արձագանգ գտաւ մեր գրական աշխարհէն ներս։ Ականաւոր արձակագիր, թատերագիր, հը-րապարակագիր եւ թարգմանիչ Պերճ Զէյթունցեան իսկապէս հեղինակաւոր անուն մըն էր եւ նոր շրջանին անփոխարինելի նպաստ մը բերած էր հայ գրականութեան։
Պերճ Զէյթունցեան ծնած էր 1938 թուականին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս: Ան Խորհրդային շրջանին Հայաստանի մէջ արժանացած էր մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչման (1989):
Զէյթունցեան 1948 թուականի հայրենադարձներու շարքին էր: Ան աւարտած էր Երեւանի «Ղազարոս Աղայեան» միջնակարգ դպրոցը, իսկ 1963 թուականին՝ Փիտիկորսքի օտար լեզուներու ուսումնարանը: 1963-1964 թուականներուն հետեւած էր Մոսկուայի բարձրագոյն բեմագրութեան դասընթացքներուն: 1965-1968 թուականներուն եղած էր «Հայֆիլմ» արուեստանոցի խմբագիրը, ապա, 1965-1975 թուականներուն՝ հեռուստաֆիլմերու «Երեւան» արուեստանոցի գլխաւոր խմբագիրը։ Աւելի ուշ՝ 1975-1986 թուականներուն, ան վարած էր Հայաստանի Գրողներու միութեան քարտուղարի պաշտօնը: Եղած էր անկախ Հայաստանի առաջին նախարարը՝ 1991-1992 թուականներուն:
Պերճ Զէյթունցեանի առաջին գիրքը տպագրուած էր 1956 թուականին: Հեղինակ էր 12 թատերախաղերու, որոնք բեմադրուած էին Երեւանի թատրոններուն մէջ: Գիրքերը թարգմանուած էին 11 լեզուներու, ներառեալ՝ ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն:
Զէյթունցեան պետական մրցանակի կրկնակի դափնեկիր եղած էր, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, Հռոմի Արուեստներու եւ հասարակական գիտութիւններու «Թիպերինա» ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ: 2007 թուականին, Պերճ Զէյթունցեանին յանձնուած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» բարձր շքանշանը: Ատկէ քանի մը տարի առաջ ան արժանացած էր նաեւ «Հայ արուեստի ասպետ», ինչպէս նաեւ «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումներուն:
2013 թուականին Հայաստանի վարչապետին որոշումով, Պերճ Զէյթունցեան պարգեւատրուած էր Հայաստանի վարչապետի յուշամետայլով: 2016 թուականին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով, հայ գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման գործին մէջ իր ներդրած մեծ աւանդին համար Պերճ Զէյթունցեան պարգեւատրուած էր Պատուոյ շքանշանով:
Պերճ Զէյթունցեանի մահուան առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական մը ուղարկեց իր ընտանիքին։ «Մեծ է Պերճ Զէյթունցեանի ներդրումը հայ արձակի զարգացման ասպարէզին մէջ», նշեց Սերժ Սարգսեան՝ շեշտելով, որ մեր ազգային նորօրեայ զարթօնքի շրջանին մէջ նորովի եւ առանձնայատուկ կերպով դրսեւորուեցաւ Պերճ Զէյթունցեանի հրապարակագրական տաղանդը։
Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Եդուարդ Միլիտոնեանն ալ ցաւ յայտնեց Զէյթունցեանի մահուան կապակցութեամբ ու շեշտեց, որ ան թարմ հոսանք կը բերէր հայ գրականութեան։
Զէյթունցեանի յուղարկաւորութեան կազմակերպման համար ստեղծուեցաւ կառավարական յանձնաժողով մը՝ գլխաւորութեամբ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի։