ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐՐԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Հայկական մարմնամարզի աշխարհէն ներս կը շարունակէ փայլիլ ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանի աստղը։ Այսպէս, ան երէկ դարձաւ աշխարհի երրակի ախոյեան։ Վերջին ողիմպիականներուն ոսկէ մետայլ նուաճած էր Արթուր Ալեքսանեան, որ հետեւողականօրէն կը շարունակէ նուաճումներ արձանագրել մարզական աշխարհէ ներս։ Ան երէկ երրորդ անգամ դարձաւ ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեան, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ ու մեծ ուրախութիւն ստեղծեց հայկական աշխարհէն ներս։

Փարիզի մէջ ընթացող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան մրցումին, 98 քիլօկրամ ծանրութեան կարգի ոսկէ մետայլի համար պայքարեցան Հայաստանի հաւաքականի առաջատար, ողիմպիական ախոյեան, աշխարհի կրկնակի, Եւրոպայի երրակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանն ու աշխարհի բաժակակիր ռուս Մուսա Եւլոյեւը:

Եզրափակիչի առաջին մրցափուլին ըմբիշները շահեցան մէկական միաւոր: Ընդմիջումէն ետք առաջին միաւորը շահեցաւ Արթուր Ալեքսանեան: Վերջին վայրկեանին, Ալեքսանեան դուրս հրեց մրցակիցը եւ յաղթեց 3-1 արդիւնքով:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2017