ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒ ՃԵՐԻ ԼՈՒԻՍ ՀԵՌԱՑԱՒ ԿԵԱՆՔԷՆ

Լաս Վեկասի մէջ, 91 տարեկանին մահացած է ամերիկացի դերասան եւ կատակերգու Ճերի Լուիս: Հոլիվուտեան դերասանի ընտանիքի անդամներու խօսքով՝ Լուիս կեանքէն հեռած է բնական պատճառներով։

Աշխարհահռչակ արուեստագէտը կը տառապէր քաղցկեղէ։ Ան վերջին քանի մը տարիներուն պայքարեցաւ անողոք հիւանդութեան դէմ։

Ճերի Լուիս յայտնի էր իր զուարճալի ելոյթներով, որոնցով ան հանդէս կու գար ամերիկեան ձայնասփիւռէն եւ հեռուստատեսութենէն: Ան հռչակաւոր դարձաւ 1940-ական թուականներուն այլ դերասանի մը՝ Տին Մարթինի հետ համատեղ կատակերգական գործերով:

Մեծ պաստառի վրայ Լուիսի համակիրները զայն դիտած են բազմաթիւ շարժապատկերներու մէջ. ինչպէս՝ Էմիր Քուսթուրիցայի «Արիզոնեան երազանք» (Arizona Dream, 1993) եւ Մարթին Սքորսեզէի «Կատակերգութեան արքան» (The King of Comedy, 1982): Դերասանը բազմաթիւ պարգեւներու, այդ կարգին՝ Emmy-ի յատուկ մրցանակի եւ «Օսքարի» դափնեկիր է:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2017