ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս գումարուեցաւ Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութեան ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին ընտրուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ Հարկ է նշել, որ տասն տարի վերջ առաջին անգամ գումարուեցաւ միութեան ընդհանուր ժողովը։ Սա յատկանշական իրադարձութիւն մըն է՝ մանաւանդ, որ ներկայ տարին կը զուգադիպի այս միութեան հիմնադրութեան 50-ամեակին եւ յոբելենական շրջանին միութիւնը նորընտիր վարչութիւնով մը յառաջ պիտի տանի իր գործունէութիւնը։ Նոր վարչութեան մաս կազմած են հետեւեալ անունները.

Զուարթ Փոլատեան-Պալըքճեան (ատենապետուհի), Էլիզապէթ Քոտապաշ (քարտուղարուհի), Հիլտա Ատիլ (գանձապետուհի), Ռիթա Տաղտելէն Քեսքինեան, Նատիա Նիքսարլը եւ Հիլտա Պիոսեան-Շեշեթեան։

Նիւ Եորքի Էսաեան-Կեդրոնական սանուց միութիւնը կը նախատեսէ ձեռնարկներ կազմակերպել իր 50-ամեակին առթիւ։ Միութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ օրերուն այդ մասին պիտի փոխանցուին յաւելեալ տեղեկութիւններ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2017