ՖՐԵՍՔՕ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

«Ֆրեսքօ» արդի արուեստի եւ հոգեւոր ժապաւէններու փառատօնի կամաւորները, նախքան ձեռնարկը, սկսած են պատրաստել արդէն աւանդոյթ դարձած յուշանուէրներ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ փառատօնի նուիրեալ օգնական դարձած Խարբերդի մանկատան սաները, որոնք նաեւ կը պատրաստեն մրցանակները, կ՚օգնեն նաեւ «Ֆրեսքօ»ի կամաւորներուն պատրաստել՝ Ջուղայի խաչքարերու նմանութեամբ շուրջ երկու հազար  փոքրիկ նմոյշներ:

«Ֆրեսքօ»ի այս փուլը ամենաոգեշնչողն է, քանի որ կը ստեղծուի շփման հարթակ մը, ուր կը համախմբուին հարիւրաւոր երիտասարդներ, եւ փառատօնը չսկսած արդէն իսկ նոր շունչ մը կը ստանայ:

Օգոստոսի 25-ին, Կարապի լճի տարածքէն ներս փառատօնի բացման ժամանակ խաչքարերը խորհրդաւոր արարողութեամբ կը բաժնուին հանդիսատեսին:

Ինչպէս կը հաղորդէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի պաշտօնական կայքէջը, գոյութիւն ունին աւելի քան 50 հազար հայկական խաչքարեր, որոնց քանդակները նման չեն իրարու եւ նոյնիսկ հնարաւոր չէ գտնել երկու միանման խաչքար։ Հին Ջուղայի գերեզմանատունը նշանաւոր եղած է համաշխարհային մշակութային արժէքներ ունեցող խաչքարերով, որոնք 2005 թուականի Դեկտեմբերին ատրպէյճանցիներու կողմէ պետական մակարդակով կազմակերպուած յանցագործութեան հետեւանքով վերջնականապէս ոչնչացուած են։ Այս արարողութիւնը նպատակ ունի անգամ մը եւս յիշեցնելու կրօնական եւ ազգային ատելութեան հետեւանքով ողջ աշխարհին հասցուած վնասները:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 22, 2017