ՃԷՅՄՍ ՃԵՖՐԻ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ճեֆրի եւ Սուրիոյ գծով յատուկ դեսպան Ճոէլ Ռէյպէօռն յառաջիկայ օրերուն ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկեն դէպի Զուիցերիա եւ Թուրքիա։

ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ճէյմս Ճեֆրի 26 օգոստոսին Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբաւորումներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ։ 27-28 օգոստոսին ալ Ճէյմս Ճեֆրի Անգարայի մէջ պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներու գործադրութեան վերաբերեալ հարցեր։

Թուրքիա հասնելէ առաջ Ճէյմս Ճեֆրի այս երկուշաբթի՝ 24 օգոստոսին Ժընեւի մէջ պիտի մասնակցի Սուրիոյ նոր սահմանադրութեան մշակման կոմիտէի ժողովին։

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2020