ՈՒՆԵՆԱԼ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս շրջանին հանդիպումներ կ՚ունենայ երկրի մտաւորական շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս ամբողջին մէջ ան երէկ նախագահական ապարանքին մէջ մէկտեղուեցաւ բեմադրիչ Նիքոլայ Ծատուրեանի, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանի, գրող Վահրամ Մարտիրոսեանի եւ «Հայեր» մետիահարթակի հիմնադիր Արայիկ Մանուկեանի հետ։

Հանդիպման մասնակիցները մասնաւորապէս ընդգծեցին մշակոյթի ոլորտէն ներս համակարգային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը, կարեւորեցին ժամանակին համահունչ քալելը։ Ինչպէս քանի մը օր առաջ կայացած նմանատիպ այլ հանդիպման ժամանակ, այնպէս ալ երէկ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ երկրէն ներս ձեռնարկուած կրթական բարեփոխումներուն։ Վերապահ շեշտով մը ան նշեց, որ կրթութեան համակարգը շատ զգայուն է, պէտք է հազար անգամ չափել ու նոր կտրել։ «Որեւէ ազգ եւ ժողովուրդ պէտք է ունենայ անփոփոխ արժէքներ, չափանիշներ, որոնք ժամանակի ընթացքին պէտք չէ փոխուին։ Ինչ որ ալ ներկայացնենք աշխարհին, պէտք է մեր մէջ եփած ըլլայ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին նախագահը Հայաստանի տեսակէտէ շատ էական համարեց հասկնալ փոփոխուած աշխարհը եւ լաւ ճանչնալ զայն։ «Ունենանք մեր տեղը, գոնէ տեսլականը, թէ ո՛ւր կ՚ուզենք ըլլալ։ Եթէ տեսլական ունինք, պէտք է անոր համապատասխան ծրագիր մը ըլլայ, այնուհետեւ գործողութիւններու ցանկ։ Ի հարկէ, ինչպիսի որոշում մըն ալ ընդունինք, ի վերջոյ, պիտի գանք նոյն տեղը, թէ մշակոյթը, կրթութիւնը, գիտութիւնը եւ ժամանակակից ըլլալը էական են։ Մենք կրնանք յաջող ըլլալ, եթէ ներդաշնակ ըլլանք այսօրուայ աշխարհին հետ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2020