«ԱԼ ԱՔՍԱ» ՄԶԿԻԹԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ
Երուսաղէմի «Ալ Աքսա» մզկիթին շուրջ ընթացող բախումները կրնան կրօնական պատերազմի մը պատրոյգը վառել: Անցնող օրերուն գրանցուած բախումները կը դառնային համատարած, երբ Իսրայէլի ապահովական մարմինները յաւելեալ արգելափակումներ կը դնէին մզկիթ մուտք գործել ուզող պաղեստինցի (եւ ոչ միայն պաղեստինցի) մահմետականներուն դէմ: Պենիամին Նեթանիյահուի կառավարութիւնը, որ միտումնաւոր կերպով յաւելեալ խիստ կարգադրութիւններ գործի կը դնէր, կ՚արգիլէր քառասուն տարիքը չբոլորած բոլոր մահմետականներուն մզկիթ մուտքը: Այս սեղմումները նորութիւն չեն: Նոր զարգացումը իսրայէլացի ծայրայեղականներուն կառավարութեան կողմէ տրուած թոյլտուութիւններն են, որոնց հիման վրայ ծայրայեղականները իրաւունք պիտի ունենան իրենց կրօնական արարողութիւնները կատարել «Ալ Աքսա» մզկիթի շրջափակին մէջ: Այս մասին ամենէն ծանր յայտարարութիւնը կը լսուէր Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի բերնով, երբ ան կ՚ըսէր. «Բոլոր հրեաները իրաւունք պիտի ունենան «Տաճարի լերան» («Ալ Աքսա» մզկիթի հատուածին իսրայէլեան անուանումը) մէջ իրենց կրօնական պարտաւորութիւնները կատարել եւ անոնք միեւնոյն ժամանակ պիտի վայելեն կառավարութեան հովանաւորութիւնը:»
Այս եւ նման յայտարարութիւններէն ետք փողոցը կը սկսէր եռալ: Բախումներ կը գրանցուէին արեւմտեան ափի տարբեր շրջաններու եւ յատկապէս՝ Ժապալ Զայթուն, Ալ Շահֆաթ, Հայ Ալ Թաուր, Ռաս Ալ Ամուտ, ինչպէս նաեւ Քըլընտիա անցքին շուրջ:
Պաղեստինցիներ պահանջելով «Ալ Աքսա» մզկիթին անձեռնմխելիութիւնը՝ բողոքի երթեր կը կատարէին եւ այդ երթերը կը վերածուէին թէժ ընդհանրումներու: Իսրայէլեան բանակը կրակ կը բանար «Քըլընտիա» անցքին մերձ շըր-ջանին մէջ եղող պաղեստինցիներուն դէմ, ուր երեք ցուցարարներ ծանրօրէն կը վիրաւորուէին: Բողոքի կիրքին կրակը կը փոխադրուէր Ամման, ուր նոյնպէս բողոքի երթերը կը լեցնէին Ամմանի բոլոր փողոցները: Նոյն ժամանակ Յորդանանի Ապտալլա Բ. ու Սէուտական Արաբիոյ Սըլման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորները հեռախօսազրոյց ունենալէ ետք կը զգուշացնէին Իսրայէլը «կրակի հետ խաղելէ»: Ամման նոյնպէս կը սպառնար, իր Թէլ Աւիւ գտնուող դեսպանը տուն կանչել:
Իսրայէլեան կողմին համար բացայայտ միտում կայ 1967 թուականէն ի վեր առկայ իրավիճակը դարձեալ փոխել: Այսինքն «Ալ Աքսա» մզկիթը կիսել եւ տեղ տալ հրեայ ծայրայեղականներուն, որպէսզի «բաժնեկցին» «Ալ Աքսա» մզկիթը եւ անոր շրջափակին մէջ հրեաներուն յատուկ կրօնական ծէսեր կատարելը դարձնեն իրականութիւն: Տեղին է յիշատակել, որ արաբներուն համար «Մեքքէ»ի մզկիթէն ետք «Ալ Աքսա»ն կարեւորագոյն մզկիթ կը համարուի եւ անոր շուրջ ըլլալիք որեւէ փոփոխութիւն ոչ միայն մերժելի է, այլ նզովելի:
Իսրայէլացիներուն համար այդ վայրը (որ ըստ Սուրբ գրային արձանագրութիւններու կառուցուած է Սողոմոն իմաստունին կողմէ) սրբագոյն է: Ու մովսիսականութեան հիմունքներով իսրայէլացիք օր մը անպայման պիտի վերակառուցեն այդ «փլած» տաճարը: Իսկ պաղեստինցիներուն, եւ առհասարակ մահմետականներուն համար, վայրը սրբացուած է Քուրանին մէջ յիշատակուած Մուհամմէտ մարգարէին գիշերային ճամբորդութենէն ետք, ուր ան ներշնչում ստանալով կը հեռանար «Մեքքէ»էն եւ իր հետեւորդները կ՚առաջնորդէր դէպի «Ալ Աքսա», ուր ամիսներ ապաստանելէ ետք յաղթական կերպով մուտք կը գործէր մահմետականներու հիմնական սրբավայր ճանչցուած՝ Ալ Քահպա:
«Ալ Աքսա»ի մզկիթին կառուցումը սկիզբ առած է Ապտըլ Մալէք խալիֆային կողմէ եւ կառուցման աշխատանքները իրենց լրումին հասած են անոր որդւոյն՝ Ալ Ուալիտ խալիֆայի իշխանութեան օրերուն, 705 թուականին:
Հակառակ պաղեստինեան ճակատին վրայ առկայ բաւական անհամերաշխ իրադրութեան (Համաս-Ֆաթհ հակամարտութեան հետեւանքով) «Ալ Աքսա»ի անվտանգութիւնը բաւարար ներուժ ունի դարձեալ ոտքի հանելու բոլոր պաղեստինցիները: Այս խօսքին կարեւոր ապացոյցը Պաղեստինի մէջ «Իսլամական շարժում»ի առաջնորդ շէյխ Ռաէտ Սալահի յայտարարութիւնն է, ուր ան խօսելով «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան՝ դիտել կու տար, թէ՝ «Եթէ Իսրայէլ շարունակէ իր սեղմումները, իրավիճակը կրնայ աւելի վատթարանալ եւ նոր «ինթիֆատա»ի (յեղափոխութիւն) մը կրակը վառել»: Շէյխ Սալահ Իսրայէլի կատարած ոտնձգութիւնները ծրագրուած համարելէ բացի, դրական խօսած է պաղեստինցի ժողովուրդին ցուցաբերած կամքին եւ ըմբոստանալու ոգիին մասին: Մահմետական կրօնաւորը չէ թաքցուցած նաեւ պաղեստինեան նախագահութեան, Մահմուտ Ապպասի, ցուցաբերած կեցուածքին թուլութիւնը՝ նկատել տալով, որ պաշտօնական Ռամալլան պէտք է շատ աւելի ազդու կերպով հակազդէ գրանցուող մտահոգիչ զարգացումներուն:
Այլ գետնի վրայ պաղեստինեան երկու արմատական կազմակերպութիւնները՝ «Համաս» եւ «Ժիհատ իսլամի» շատ աւելի կարծր կեցուածքներով հանդէս գալով՝ նկատել տուած են, որ իրենք պատրաստ են ամէն գնով թիկունք կանգնիլ պաղեստինցի ժողովուրդին եւ յառաջ մղել «Երուսաղէմի ազատագրութեան հարցը»: Խալէտ Պաթշ («Ժիհատ իսլամի» կազմակերպութեան պատասխանատուներէն) կարկինը աւելի լայն բանալով ըսած է, թէ՝ «Պաղեստինը կարիքն ունի համաարաբական փոթորիկի մը, ազատագրելու համար Երուսաղէմը»: Իսկ «Համաս»ի պատասխանատուներէն Իսմաիլ Ռատուանի կարծիքով՝ Մահմուտ Ապպասի իշխանութիւնները պէտք է ժամ առաջ դադրեցնեն իրենց «ապահովական» համագործակցութիւնը Նեթանիյահուի իշխանութեանց հետ:
Այստեղ տեղին է յիշատակել, որ Ֆաթհի հովանաւորութիւնը վայելող Վարչապետ Ռամի Ալ Համտալլա, որ իր շքախումբով «Ալ Աքսա» պիտի այցելէր, վերջին պահուն հանդիպեցաւ իսրայէլեան ապահովական մարմիններու արգելքներուն եւ անոր այցը ջնջուեցաւ: Բնականաբար այս դէպքը բաւական ծանր սքանտալ մըն էր Ապպասի հովանաւորած կառավարութեան համար, սակայն մինչեւ այս պահը Նախագահ Մահմուտ Ապպաս կը մերժէ հակազդել այս դէպքին ու կը շարունակէ իր դիւանագիտական լեզուով խօսիլ:
Մինչ Իսրայէլ այս հատուածական արարքներուն կը դիմէ, Ապպաս իր առջեւ դրած է մէկ գերագոյն նպատակ: Ստանալ եւրոպական համայնքին նեցուկը եւ ամէն գնով ջանալ ճանչցնել Պաղեստինի պետութեան իրաւական գոյութիւնը:
Զարմանալին Նեթանիյահուի վարմունքն է, ու վերջինս Իրան-Միացեալ Նահանգներ կորիզային բանակցութիւններուն հետեւանքով ստացած քաղաքական հարուածէն ետք այսօր նոր արկածախնդրութեան կը դիմէ:
Անցնող Մարտին Նեթանիյահուի Ուաշինկթըն տուած այցելութիւնը «կը պսակուէր» գրեթէ ամբողջական ձախողութեամբ ու բացի ատկէ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը յայտնուէր համատարած չէզոքացման մէջ:
Իսրայէլի վարչապետը «քաղաքական աղուէս» է, սակայն յատկապէս այս հանգրուանին անոր կրակով խաղալու փորձը կը մնայ անբացատրելի:
Թէ ի՛նչ հիմունքներու վրայ կը հիմնուի, զայն տակաւին կանուխ է կռահել: Մէկ բան յստակ է, որ պաղեստինեան գետինը հրաբխային վիճակ ունի ու որեւէ յաւելեալ սրացում «Ալ Աքսա» մզկիթին շուրջ իրավիճակը կրնայ տանիլ ամբողջական բախումներու: Բախումներ ըսելով պէտք է հասկնալ «ինթիֆատա» կամ յեղափոխութիւն: Իսկ պաղեստինցի բողոքարարներուն համար այս արդէն երրորդ յեղափոխութիւնը քարերու փոխարէն պիտի ըլլայ զէնքերով:
Նեթանիյահու, որ արդէն բաւական բարդ քաղաքական դրութեան մը մէջ է: Իսկ անոր ըրած գործողութիւնները կրնան համատարած կրօնական պատերազմի մը յանգեցնել:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան