ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԻՆ
Ենիգաբուի հրապարկին վրայ, Կիրակի օր, տեղի ունեցաւ «Միլիոնաւոր շունչ, ահաբեկչութեան դէմ մէկ ձայն» խորագրեալ հանրահաւաքը, որուն նպատակն էր վերջին շրջաններուն պատահած ահաբեկչական շարժումները վարկաբեկել ու ընդդէմ ահաբեկչութեան միասնական ոգին ամրացնել։ Հանրահաւաքին իրենց ներկայութիւնը բերին ու կոչեր ուղղեցին՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմէթ Եըլմազ եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուն։ Սոյն հանրահաւաքին յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան եւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։