ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ
«ContourGlobal» ընկերութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը վերջերս յայտարարեցին, թէ աւարտած են Որոտանի ջրաելեկտրակայանի գործարքը։ Այսպէս, յիշեալ ընկերութիւնը տեղեկացուց, թէ աւարտած է այդ ջրաելեկտրակայանի ձեռք բերման գործը։ Հարկ է նշել, որ Որոտանի ջրաելեկտրակայանը բաղկացած է երեք առանձին ելեկտրակայանէ, որու ընդհանուր հզօրութիւնը կը կազմէ 405 մեկավաթ։
«ContourGlobal» ընկերութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Միջազգային ելմտական ընկերութիւնը, որ Համաշխարհային դրամատան խումբին անդամ է, ձեռք բերած է «ContourGlobal Hydro Cascade» բաժնետոմսերուն 20 տոկոսը, որպէսզի նպաստէ Որոտանի ջրաելեկտրակայանի ձեռք բերման, շահագործման ու վերականգնման։ Նախագիծը ուղղուած է ելեկտրամատակարարման վերահսկելիութեան բարձրացման եւ Հայաս-տանի ուժանիւթի ոլորտի ամրապնդման։
Որոտանի ջրաելեկտրակայանի ձեռքբերումը Հայաստանի պատմութեան մէջ ամերիկեան ամենախոշոր մասնաւոր ներդրումը կը հանդիսանայ ու միեւնոյն ժամանակ ամերիկեան առաջին ներդրումը՝ Հայաստանի ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։ Որոտանի ջրաելեկտրակայանը կ՚ապահովէ Հայաստանի ուժանիւթի համակարգի հաստատուած հզօրութեան մօտաւորապէս 15 տոկոսը։
Ըստ համաձայնագրի պայմաններուն, «ContourGlobal Hydro Cascade» պիտի տնօրինէ եւ պիտի կառավարէ երեք ջրաուժանիւթային կառոյցները, որոնք տեղակայուած են Որոտան գետի վրայ՝ ելեկտրական ուժանիւթը մղելով դէպի Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր, ելեկտրական ուժանիւթի գնման երկարաժամկէտ համաձայնագրի մը շրջագծով։ Վերակառուցման ծրագրին զուգահեռ՝ «ContourGlobal»ը հետագայ վեց տարիներուն ընթացքին աւելի քան 50 միլիոն եւրօ պիտի ներդնէ կայաններու արդիականացման եւ անոնց շահագործման բնութագրերու բարելաւման, անվտանգութեան, վստահելիութեան, արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով։ «ContourGlobal» կ՚ակնկալէ, որ արդիականացման արդիւնքին պիտի ստեղծուի 150 կարճաժամկէտ աշխատատեղի, ի յաւելումն 150 երկարաժամկէտ աշխատատեղիներուն՝ նախա-տեսուած թեքնիկ աշխատողներու համար։
«ContourGlobal»ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճոզըֆ Պրենտ նշեց, որ ընկերութիւնը կը ձգտի արդիւնաւէտ գործընկեր մը ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան համար։ «Մենք շատ ուրախ ենք յայտարարելով Որոտանի գործարքի աւարտին եւ Միջազգային ելմտական ընկերութեան դրամագլուխի մէջ բաժնետիրական գործընկերոջ կարգավիճակ ունենալուն մասին։ Մենք շնորհակալ ենք կառավարութեան մեզի նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար ու անհամբեր կը սպասենք՝ էական եւ կարեւոր ներդրում մը ունենալու համար երկրի առանցքային ենթակառուցուածքներէն մէկուն մէջ», ըսաւ ան։
Այս գործարքի աւարտին հետ գրեթէ նոյնաժամանակ Միացեալ Նահանգներու Ուժանիւթի նախարարութիւնը կոչ ուղղեց ներդրումներ կատարել Հայաստանի վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ ընդլայնելու երկկողմանի առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը եւ հզօրացնելու Հայաստանի տնտեսութիւնը։ Փոխշահաւէտ առեւտրային կապերը պիտի նպաստեն ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման։ Սա պիտի նպաստէ նաեւ Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ օժանդակութենէ դէպի առեւտուրի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու հաստատման։ Յառաջիկայ շրջանին Հայաստան պիտի այցելէ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաշխարհային համագործակցութեան գրասենեակին կողմէ պատուիրակութիւն մը՝ հետազօտելու համար ներդրումային հնարաւորութիւնները վերականգնուող ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։ Բաց աստի, Եւրոմիութիւնը եւ Աւստրիոյ Զարգացման գործակալութիւնն ալ շուրջ 320 հազար եւրօ տրամադրած են Հայաստանի Շիրակի մարզի համայնքներէն ներս վերականգնուող ուժանիւթի համակարգեր հաստատելու համար։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս ծրագրի նպատակն է անվճար ուժանիւթի օգտագործումը, ինչ որ ներկայիս արդիական կը դառնայ ելեկտրական ուժանիւթի սակագինի պարբերական բարձրացման խնդրի համատեսքին մէջ։ Արեւու ուժանիւթի օգտագործման համար, սակայն, սպառողը համապատասխան համակարգի տեղադրման բաւական մեծ գումար մը պէտք է յատկացնէ։ Մասնագէտները տուեալ պարագային գնահատած են Շիրակի մարզի արեւու պաշարը եւ յանգած են այն արդիւնքին, թէ այդ մէկը շատ նպաստաւոր է։ ԵՄ-ի հովանաւորած այս ծրագրին նպատակն է արեւային համակարգերու առաւել լայն օգտագործման խթանումը։ Շահագրգիռները համոզուած են, թէ ներկայ ծրագիրը պէտք է ըլլայ առաջին պայթիւնը, իսկ աւելի վերջ պէտք է ունենայ իր շարունակութիւնը։ Նոյն նախագծին շրջանակներէն ներս, Շիրակի մարզի տարածքին մէջ պիտի կառուցուին յատուկ ցուցադրական կեդրոններ եւ փափաքողներ հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու արեւային համակարգերու աշխատանքին։ Եւրոմիութեան այս ծրագրին պիտի չկարենան մասնակցիլ անհատները։ Համայնքապետարանները առաջարկներ պիտի ներկայացնեն այս կամ այն հաստատութիւնը ջեռուցելու եւ կամ տաք ջուրով ապահովելու ուղղութեամբ։ ԵՄ-ի այսպէսով կը փափաքի համայնքներէն ներս ժողովուրդը իրազեկել վերականգնուող ուժանիւթի համակարգերու արդիւնաւէտութեան մասին։ Կ՚ակնկալուի, որ հետագային այս օրինակը ընդհանրանայ եւ արդէն անհատները սկսին իրենց բնակարաններէն ներս հաստատել այդ համակարգերը։
Հայաստանի կառավարութիւնն ալ անընդհատ նախաձեռնութիւններ կը կատարէ ուժանիւթի բնագաւառի պարագային։ Գերմանական KWF դրամատան կողմէ յատկացուած վարկերով այս շրջանին Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ կը կառուցուի ելեկտրահաղորդման գիծ մը, որու շնորհիւ հայկական կողմը պիտի կարենայ ելեկտրական ուժանիւթ արտածել։ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտնեց, որ Վրաստանի առընթեր, Հայաստան կը պատրաստուի Իրանի հետ եւս ձեռնարկել մեծ ծրագրերու նոյն բնագաւառէն ներս։ Երրորդ բարձրավոլթ ելեկրտահաղորդման գծի շինարարութեան առընթեր բնական կազի փոխանակման եւ զուգահեռաբար ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութեան ծրագրերն ալ կը գտնուին օրակարգի վրայ։ Իրան-Հայաստան ելեկտրահաղորդման նոր գիծը 107 միլիոն եւրօ կ՚արժէ։ Շուրջ երկու տարուան ընթացքին շինարարութեան աշխատանքները պիտի աւարտին։ Այս գիծը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ աշխուժացնելու համար երկրին տնտեսութիւնը։