ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ համազգային հրճուանքով, մեծ շուքով։ Երեւանի մէջ այս տարուան տօնակատարութիւններու մթնոլորտը պայմանաւորեց վերջին օրերուն կազմակերպուած Համահայկական 6-րդ համաժողովը։ Այսպէս, Հայաստանի եւ Սփիւռքի միասնականութեան մթնոլորտին մէջ նշուեցաւ Անկախութեան 26-րդ տարեդարձը։ Տօնակատարութիւններու ծրա-գիրը յագեցած էր եւ իւրաքանչիւր քայլափոխին ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։

Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գըլ-խաւորութեամբ Հայաստանի պետական աւագանին այցելեց Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնը, ուր յարգանքով խոնարհում բերաւ բոլոր անոնց առջեւ, որոնք Հայաստանի անկախութեան համար զոհաբերած էին իրենց կեանքը։ Սերժ Սարգսեան եւ պետական աւագանիի ներկայացուցիչները ծաղիկներ թողեցին նահատակներու անմեռ յիշատակին։ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասնակցութեամբ բարձրաստիճան հոգեւորականները աղօթք արտասանեցին նահատակներու հոգւոյն հանգստութեան համար։

Կէսօրուան ժամերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի զանգերը ուրախութեամբ ղօղանջեցին՝ աւետելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձը։ Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցան Մայր Տաճար, ուր Աւագ խորանին առջեւ ծնրադիր աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան, կայունութեան եւ յաւերժութեան համար։ Արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը տուին իրենց պատգամները։ Ներկայ էին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Համահայկական համաժողովի մասնակիցները, պետական գործիչներ, զինուորականներ եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Երեւանի մէջ, յետմիջօրէին, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ աւանդական պարգեւատրման արարողութիւնը։ Ինչպէս բոլոր պետական տօներուն, այս տարուան 21 Սեպտեմբերին եւս պարգեւատրուեցան Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն բազմաթիւ գործիչներ, որոնք իրենց բնագաւառներէն ներս ուշագրաւ ծառայութիւն մատուցած եւ նուաճումներու հասած են։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան հակիրճ խօսքով մը եւ աւելի վերջ զանազան մետայլներով եւ շքանշաններով պարգեւատրեց շուրջ հարիւր դէմքեր։

Տօնակատարութիւններու վերջին փուլը երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրէն ներս։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի տանտիրութեամբ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու մասնակիցներուն թիւը կը հասնէր հազարաւորներու։ Այս ոգեւոր մթնոլորտին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ըսաւ. «Համոզուած եմ, որ կարելի էր ընել աւելին, բայց մեր ընթացքը եղած է ճիշդ ուղղութեամբ, այսօր ալ մենք ճիշդ ուղիի վրայ ենք»։ Սարգսեան մատնանշեց, որ վաղուան Հայաստանը աշխարհին կը ներկայանայ որպէս արագ զարգացող երկիր, որպէս տեղեկատուութեան հասարակութիւն՝ զինուած յառաջադէմ փորձագիտութիւններով։ Ըստ իրեն, աշխարհի մէջ այսօր տեղի ունեցող գիտաթեքնիկ նոր յեղափոխութիւնը հայ ժողովուրդի դաշնակիցն է։

«1991 թուականի այս օրը մեր ժողովուրդը քուէարկեց անկախ ու ժողովրդավար Հայաստանի օգտին։ Նման քուէարկութիւն կ՚իրականացնէ այն քաղաքացին, որ լաւատես է եւ վստահ իր ուժերուն։ Համոզուած եմ, թէ մեր երկրի անկախութեան յաջորդ 26 տարիներուն մենք պիտի շարունակենք յառաջ շարժուիլ աւելի մեծ լաւատեսութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան։

Ելոյթէն վերջ սկսաւ ընդունելութիւնը, որու ընթացքին բոլոր հրաւիրեալները նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանին մօտենալով շնորհաւորութիւններ յղեցին եւ բաժակ բարձրացուցին Հայաստանի ապագայի կենացը։ Յայտագրի տեւողութեան տեղի ունեցան երաժշտական կատարումներ եւ աւարտին կատարուեցաւ հրավառութիւն մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017