ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ՀԵՏ

Հանրապետութեան նախագար Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երկու ղեկավարները Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 72-րդ նստաշրջանի բացման աշխատանքներուն առթիւ։ Նախընթաց երեկոյեան Էրտողան եւ Թրամփ առիթն ունեցած էին զրուցելու ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի կողմէ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին ընթացքին։ Ի շարունակութիւն այդ զրոյցին՝ երկու ղեկավարները երէկ ունեցան առանձին հանդիպում մը, որ տեւեց 50 վայրկեան։ Վերջին օրերուն արդէն հետաքրքրութեամբ կը սպասուէր Էրտողան-Թրամփ տեսակցութեան, որու ընթացքին երկու ղեկավարներու կողքին էին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Կը հաղորդուի, որ Էրտողան եւ Թրամփ քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընթացքը, տարածքաշրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին համաշխարհային օրակարգի հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Երկու նախագահները նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։

Նիւ Եորքի մէջ Թրամփ ուրախութիւն յայտնեց Էրտողանը հիւրընկալելու առիթին կապակցութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ Էրտողան բարդ տարածքաշրջանէ մը ներս կը տեսնէ լաւ գործեր։ Թրամփի խօսքերով՝ Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները կը գտնուին լաւագոյն մակարդակին վրայ։ Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահն ալ ուրախութիւն յայտնեց հանդիպման առիթին բերումով եւ յղեց իր շնորհակալութիւնները ամերիկացի պաշտօնակցին։

Էրտողան-Թրամփ տեսակցութենէն վերջ մասնաւորապէս ընդգծուեցաւ, որ երկու ղեկավարները համակարծիք գտնուած են՝ որպէսզի բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարը շարունակուի վճռականութեամբ։

Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան կողմէ 25 Սեպտեմբերին նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէն ալ օրակարգի վրայ եկաւ Էրտողան-Թրամփ զրոյցին ընթացքին։ Երկու ղեկավարներն ալ դէմ արտայայտուեցան այս հանրաքուէին։ Անոնք համոզուած են, որ նման քայլ մը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ։

Թրամփի հետ տեսակցութեան ընթացքին Էրտողանի կողքին էին՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ուժանիւթի նախարար Պերատ Ալպայրաք, Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըչ, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն։ Թրամփի կողքին էին ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2017