ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՄՍԵԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս։ Այսպէս, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով, աշնան պիտի իրականացուի «Ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս. Հայաստան, 2018 - ժամանակակից արուեստի հնչիւններ» խորագրով: Սեպտեմբեր 25-հոկտեմբեր 25 թուականներուն միջեւ, միամսեայ ժամանակահատուածին ցուցադրութիւնը Երեւանի եօթ տարբեր վայրերու մէջ պիտի ներկայացնէ աւելի քան յիսուն միջազգային արուեստագէտներու աշխատանքները:

Ցուցահանդէսը իր տեսակին մէջ պիտի ըլլայ առաջինը, որ պիտի ներառէ ժամանակակից արուեստի տարբեր մարզեր՝ գեղանկարչութիւն, քանդակ, լուսանկարչութիւն, տեսերիզի նկարահանումի արուեստ՝ երկխօսութեան ըս-կիզբ դառնալով աշխարհի տարբեր ծայրերէն եկած արուեստագէտներուն համար: Վերջիններս տեղւոյն վրայ պիտի ստեղծագործեն եւ տարբեր արուեստի հաստատութիւններու ուսանողներու համար վարժանիստեր պիտի իրականացնեն: Նախաձեռնութեան նպատակն է կարելի եղածին չափ ընդլայնիլ եւ ցոյց տալ անոր նշանակութիւնը մշակութային փոխանակման պարունակին մէջ: Այս իսկ պատճառով ներգրաւուած են քաղաքի ամենէն կարեւոր մշակութային կեդրոնները. ինչպէս՝ Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնը, Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը, «ՀայԱրթ» մշակութային կեդրոնը, Հայաստանի Նկարիչներու միութիւնը, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնն ու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ):

Մինչ այդ, ցուցահանդէսը պիտի իրականացուի Հայաստանի նախագահի բարձր հովանաւորութեան տակ, ինչպէս նաեւ՝ Գանատայի կառավարութեան, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Իտալիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան «Vivere All’italiana» (ապրիլ իտալական ձեւով) մշակոյթի յառաջխաղացման նախագիծին եւ Հայաստանի մօտ Իտալիոյ դեսպանութեան հովանիին ներքեւ: Նախագիծին պիտի աջակցին նաեւ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը եւ ՀԲԸՄ-ը:

Միւս կողմէ, նախագիծի կրթական բաղադրիչի ծիրին մէջ վարժանիստեր պիտի իրականացուին Հայաստանի առաջատար մշակութային կեդրոններուն մէջ. ինչպէս՝ ԹՈՒՄՕ նորարար փորձագիտութիւնները կեդրոնը, Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլէճը, Հայաստանի Գեղարուեստի ակադեմիան: Ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսին համար յատուկ երկու հատորէ բաղկացած անգլերէնով  պատկերագիրքեր պիտի տպուին:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018