ՆԿԱՐԻՉ ՖԱՅՆՊԵՐԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ 70-ԱՄԵԱԿԸ

Ֆայնպերկ Սարգսեանի 70-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ նկարիչի անհատական ցուցահանդէսով։ Այսպէս, նկարիչ Ֆայնպերկ Սարգսեանի «Մարիան արեւածաղիկներով», «Մտորում», «Ղարաբաղ», «Իմ ընտանիքը» եւ 51 գունեղ, պայծառ այլ կտաւներ ներկայացուած են անոր անհատական ցուցահանէսին մէջ: Հեղինակի 70-ամեակին նուիրուած միջոցառումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան երդիքին տակ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ցուցահանդէսի բացման առթիւ արտայայտուողներու շարքին էր Հայաստան Նկարիչներու Միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան։ Ան ըսաւ. «Ֆայնպերկի արուեստը իր էութիւնն է:  Ան արտաքնապէս համեստ անձնաւորութիւն մըն է, բայց ունի թաքնուած եռանդ, կրակ, որ կ՚արտացոլուի անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Բոլորին չէ տրուած այդ կարողութիւնը»:

Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի գեղարուեստական կրթութեան ֆաքիւլթէի վերատեսուչ Արա Յակոբեանի խօսքով՝ ճշմարիտ արուեստագէտի կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը անհատականութեան, մարդու եւ բնութեան ընկալման  սեփական մօտեցումը դրսեւորելն է: «Մենք ներկայ ենք նկարչական ցուցահանդէսի մը, ուր կը ցուցադրուին արդի հայ նկարչութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկու ինքնատիպ աշխատանքները: Կը տեսնենք ամուր գծանկար, պինդ գոյն.  մանրաւազի միջոցով նկարիչը կը հասնի իր արուեստի գագաթին», ըսաւ Յակոբեանը՝ ուժ, եռանդ մաղթելով Սարգսեանին:

Աւելի վերջ խօսք առաւ նկարիչը։ «Իմ գործերու շատ փոքր մէկ մասն է այստեղ ներկայացուածը: Ցուցահանդէսներու մասնակցած եմ նաեւ արտասահմանի մէջ. հետաքրքրական է՝ ամէնուր կը փաստեն, որ իմ կտաւներու մէջ մեծ ուժ եւ խորհուրդ կայ: Նոյնիսկ ես կը զարմանամ. տպաւորութիւն է, որ ստեղծագործութիւններս սահմաններէ դուրս են», խոստովանեցաւ նկարիչը:

Սարգսեան առանձնացուց «Իմ ընտանիքը» խորագրեալ կտաւը, որու մէջ հեղինակի ընտանիքի անդամներու ձեռքին կայ իսկական հայելի: Ան ըսաւ, որ երբ մարդ կը նայի հայելիի մէջ, ակամայ կը դառնայ նկարի մասնիկը: «Շատ կը փափաքէի, որ զայն տեսնէ Միխայիլ Կորպաչովը: Կը փափաքէի, որ նայի հայելիի մէջ ու հասկնայ՝ արդեօք իրաւունք ունի՞ մտնել մեր երկիրը ու խառնուիլ մեր երկրի հարցերուն», շեշտեց նկարիչ Ֆայնպերկ Սարգսեան:

Անդրադառնալով «Ղարաբաղ» կտաւին՝ հեղինակը ընդգծեց, որ զայն նկարած է 1980 թուականին. կտաւին մէջ Ղարաբաղը Հայաստանի մասն է: «Իմ գործերուն մէջ կանխազգացումներ կան», եզրափակեց ան:

Ապա Ֆայենպերկ Սարգսեանի արուեստին մասին խօսեցաւ արուեստաբան Սարօ Սարուխանեան։ «Անձնական խոր ապրումներու արտացոլումներն են Սարգսեանի կտաւները, որոնց մէջ գոյնը, ծաւալը, համարձակ եւ զօրեղ վրձնահարուածները՝ հեռու աւելորդ գեղագիտութենէ, զարմանալի զօրութեամբ կը բանան կեանքի բնութեան վերժամանակեայ խորհուրդը», ըսաւ ան:

Միջոցառումը իրականացուած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի նախաձեռնութեամբ:

Ֆայնպերկ Սարգսեան ծնած է 1948 թուականին Ձորաշէնի մէջ: Յաճախած է Նիքոլայ Քոթանճեանի եւ Շաւարշ Վաղարշակեանի արուեստի դպրոց: 1975 թուականին աւարտած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական կաճառի նկարչագծագրական ֆաքիւլթէն: 1976 թուականէն մինչեւ այսօր կը դասաւանդէ Մանկավարժական համալսարանի կերպարուեստի ամպիոնէն ներս:  Ան Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամ է, Հայաստանի Գիտափորձագիտական ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս, փրոֆեսէօր:

Ֆայնպերկ Սարգսեան հանրապետական եւ միջազգային բազմաթիւ ցուցահանդէսներու մանակցած է, ինչպէս նաեւ շարք մը գիտական յօդուածներու հեղինակ է:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2018