«ՊԵԹԱ» ՄՐՐԻԿԸ Կ՚ԱՀԱԳՆԱՆԱՅ

«Պեթա» արեւադարձային մրրիկը մոլեգնած է Թեքսասի մէջ։ Այսպէս, «Պեթա» արեւադարձային մրրիկը, որ սեպտեմբերի 18-ին յառաջացած է Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, սեպտեմբերի 21-ի երեկոյեան մոլեգնած է Թեքսասի նահանգի ծովափին: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է The Associated Press գործակալութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու Փոթորիկներու դիտարկման ազգային կեդրոնի տուեալներով՝ մրրիկի սահմաններէն ներս քամիի պոռթկումներու արագութիւնը կը հասնի վայրկեանի մէջ 20 մեթրի: «Պեթա»ն կը շարժուի հիւսիս-արեւմուտքի ուղղութեամբ ժամական շուրջ 6 քիլօմեթր արագութեամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020