ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները երէկ երեկոյեան հաղորդեցին, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ դարձեալ պատահած են դէպքեր։ Այսպէս, Տաւուշի շրջանէն ներս Հայաստանի զինեալ ուժերը խախտած են հրադադարը ու պատճառ դարձած՝ Ատրպէյճանի բանակէն զինուորի մը մահուան։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարութիւնը զգուշացուցած է Հայաստանը՝ դիտել տալով, որ ան կրակի հետ կը խաղայ։

Բաց աստի, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ ընկերային ցանցերու միջոցաւ արձագանգած է այս դէպքին, բողոք յայտնած է Հայաստանի դէմ եւ ցաւակցութիւն յայտնած՝ Ատրպէյճանի բանակի կորուստին կապակցութեամբ։ Նախարարը հերթական անգամ կրկնած է, որ Թուրքիա միշտ կը մնայ Ատրպէյճանի կողքին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020