ԿԱՐԵՒՈՐ ՏԵՍԱԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր տեսաժողով մը կ՚ունենայ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Հեռավար այս քննարկումը տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու գագաթաժողովին ընդառաջ։ Օրակարգի վրայ կը գտնուի արեւելեան Միջերկրականի տագնապը։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵՄ-ի գագաթաժողովը նախատեսուած է 24-25 սեպտեմբերին։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան այսօրուան տեսաժողովի ընթացքին կ՚ընդգծէ, որ Թուրքիա պատրաստ է բանակցութիւններուն։ Ան կը բացատրէ, որ լարուածութիւնը կ՚աճի Յունաստանի դիրքորոշման հետեւանքով։ Նախագահը կ՚ընդգծէ նաեւ Անգարայի ակնկալութիւնը, որպէսզի Եւրոմիութիւնը ըլլայ արդար եւ հաւասարակշռուած։ Ան կը զգուշացնէ իր երկխօսները՝ Ֆրանսայի նման երկիրներու կողմէ լարուածութեան հրահրման պատճառ դարձած պատգամներու եւ նախաձեռնութիւններու կասեցման ուղղութեամբ։ Հուսկ, Էրտողան կ՚ընդգծէ թրքական կողմի ակնկալութիւնը՝ Թուրքիա-ԵՄ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ շօշափելի քայլերու համար։

ԵՄ-ի գագաթաժողովին ընդառաջ Անգարա-Աթէնք-Պերլին առանցքին վրայ վերջին օրերուն տեղի ունեցած են կարգ մը կարեւոր շփումներ, որոնք տեղական մամուլի հաղորդումներով դրական կը համարուին։

Նոյնպէս գագաթաժողովի սեմին ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ալ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ։ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս այս առթիւ յայտնեց, որ իրենց նպատակը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու ապահովուիլն է։ Ըստ իրեն, այդպիսի բանակցութիւններու համար հնարաւորութիւն մը ծնած է եւ երկու երկիրներու երկխօսութեան հաւանականութիւնը դրական անդրադարձ կ՚ունենայ Եւրոմիութեան վրայ։ Ըստ Պրիւքսելէ հասած լուրերուն, Թուրքիոյ պարագային ներկայիս ի յայտ կու գայ երկխօսութեան հիմքով մօտեցում մը, սակայն վերջնական որոշումը պիտի առնուի գագաթաժողովի ընթացքին։

Միւս կողմէ, արեւելեան Միջերկրականի առկայ տագնապի մթնոլորտին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ալ կատարուեցաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Այսպէս, Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուց, որ Սեւիլլայի քարտէսը իրաւական տեսակէտէ կարեւորութիւն չի ներկայացներ։ Հարկ է նշել, որ այդ քարտէսը յաճախ կ՚օգտագործուի Յունաստանի կողմէ՝ արեւելեան Միջերկրականի տարաձայնութիւններու վերաբերեալ իր թէզերու պաշտպանութեան նպատակով։

Նախարարաց խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ ալ նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիան անտեսածները սկսած են մօտենալ դիւանագիտութեան սեղանին։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020