ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԸ ՎՐԱՅ ԿՐԱԿ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական հաստատութիւններու դէմ յարձակումները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթ առաւօտ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կրակ բացուած է «Գրուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» դպրոցին վրայ։ Ոստիկանութիւնը տեղեկացուցած է, որ անծանօթի մը կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով վնասուած է ցուցանակ մը։ «Ասպարէզ» օրաթերթն ալ հաղորդած է, որ կրակոցներու հետեւանքով ոեւէ մէկը չէ տուժած։

Տակաւին հազիւ ամիս մը առաջ Սան Ֆրանսիսքոյի այս նոյն դպրոցը ենթարկուած էր վանտալիզմի։ Անցեալ յուլիսին վարժարանի պատերուն վրայ գրուած էին հայհոյանքներ եւ պատկերուած էր Ատրպէյճանի դրօշը։ Այդ դէպքէն շատ կարճ ժամանակ անց, օրերս դպրոցի շէնքը վերստին թիրախաւորուած է։

Բացի այս դպրոցէն, նոյնպէս Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին հրկիզուած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ օժանդակ շէնքերէն մին, ուր կը գտնուէին «Վասպուրական» սրահը, կիրակնօրեայ վարժարանը եւ եկեղեցւոյ ու այլ շարք մը կազմակերպութիւններու գրասենեակներ։

Գալիֆորնիոյ կառավարիչը արձագանգած էր այդ դէպքին, իսկ ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ քայլերու կը ձեռնարկուին համայնքի անվտանգութեան համար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020