Շաբաթ 8, Փետրուար 2025
ՏՕՆԱԿԱՆ ԹՌԻՉՔ
Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ մեծ շուքով։ Հայկական զինեալ ուժերու ռազմաօդանաւերը քաղաքամայր Երեւանի երկնակամարին վրայ կատարեցին տօնական թռիչքներ։ Սեպտեմբերի 21-ի առթիւ Հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։
Միւս կողմէ, երեկոյեան ալ «Զուարթնոց» պատմական տաճարի արգելոց-թանգարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Մեր ժամանակի հերոսը» մրցանակաբաշխութիւնը, որու յայտագրին մաս կազմեց հանդիսաւոր համերգ մը։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020