ՓՈՄՓԷՈՅԷՆ ՅՈՐԴՈՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ նպաստել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ուղարկած շնորհաւորականին մէջ ամերիկացի պետական քարտուղարը յայտնեց. «Կողմերուն կը յորդորենք հնարաւորինս շուտ վերսկսիլ առարկայական բանակցութիւնները Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ»։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020