1743 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ առողջապահութեան համակարգի աշխատողներու զոհողութիւններու տեւականացման նպատակով պէտք է թեթեւցնել անոնց բեռը։ Սա կարելի է միայն սահմանափակումներուն հնազանդելով։

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 112 հազար 942 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1743 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 68 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ 1202։ Այս պահու դրութեամբ 1491 վարակեալի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։ Նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ մասնաւորապէս ընդգծեց, որ ծանր կացութեամբ հիւանդներու թիւը կը մօտենայ 1500-ի սահմանին։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ յայտարարեց, որ նոր վարակեալներու եւ դէպքերու քանակի աճը ցաւալի է։ Ըստ Էրտողանի, համավարակը ամբողջ աշխարհի մէջ թափով զգալի կը դարձնէ իր ազդեցութիւնը։ Եւրոպական տարածքաշրջանէն ներս ալ, ուր կը գտնուի նաեւ Թուրքիան, համաճարակը վերստին կը մագլցի։ Թուրքիա համաճարակի դէմ պայքար կը մղէ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ վճռակամութիւնով։ Նկատի ունենալով, որ տակաւին այս հիւանդութեան դարմանումը չէ գտնուած՝ ամենաազդու պայքարելու ճանապարհն է նախազգուշական միջոցներուն հնազանդ մնալը։ Նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ, որ համաճարակը յաւերժ պիտի չշարունակուի։ Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ամենամեծ համաճարակները միջին հաշուով երկու տարի տեւած են։ Շուրջ տարիէ մը ի վեր քորոնաժահրի համաճարակն ալ ամբողջ երկրագունդը ազդեցութեան տակ առած է։ Թուրքիա համաճարակի սկիզբէն ի վեր թէ՛ նախազգուշական միջոցներու եւ թէ հիւանդներուն մատուցուած ծառայութիւններու տեսանկիւնէն կլոպալ մակարդակով օրինակելի երկիրներու շարքին ցոյց կը տրուի։ Ի լրումն այս բոլորին՝ նախագահը մատնանշեց, որ երկիրը արագ քայլերով կ՚ընթանայ՝ սեփական պատուաստանիւթը արտադրելու ճանապարհին։ Պետութիւնը ամէն տեսակէտէ զօրաւոր է։ «Որքան ատեն, որ մեր քաղաքացիները յարգեն իրենց անհատական պատասխանատուութիւնները, ապա, Աստուծոյ կամքով, այս խնդիրը կը յաղթահարենք», ըսաւ նախագահը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2020