«ՄԵՆՔ Ո՛ՒՐ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻՆՔ ՅԱՅՏՆԻ ՉԷ, ԲԱՅՑ ԳԻՏԵՆՔ, ՈՐ ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՇԱՏ ԱՂՕԹԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՏՈԿՈՒՆ ՄՆԱՆՔ ԵՒ ԿԱՐԵՆԱՆՔ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՄԵՐ ԵՐԹԸ։ ՄԵՆՔ ԻԲՐԵՒ ՀԱՅԵՐ ՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ՄԵԾ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ, ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ»

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի Հռոմի նստաշրջանին առթիւ կարծիքը շօշափեցինք Պատրիարքութեան Պէյրութի օգնական վիճակաւոր Տ. Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեանի, որ մեզի խորհրդածութիւններ ըրաւ առկայ զանազան առաջնահերթ հարցերու շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք գերապայծառի տեսակէտները։

*

-Գերապայծառ, Հայ կաթողիկէ Ս. Սինոդը, որուն մաս կը կազմէք, 15 օր տեւած ժողովներէ ետք չյաջողեցաւ նոր պատրիարքը ընտրել: Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին։

-Պատրիարք ընտրելու օրէնքը խիստ ու դժուար է: Թեկնածուն քուէներու երկու երրորդը պէտք է հաւաքէ, որպէսզի յաջողի. մասնակիցներս 12 հոգի էինք ուրեմն թեկանծուն 8 ձայնի պէտք ունէր: Գրեթէ 5-6 տարի առաջ ասորի կաթողիկէներն ալ նոյն հարցը ունեցան, անկէ երկու տարի առաջ քաղդէացիներն ալ նոյն խնդիրը դիմագրաւեցին: Վատիկանը իրաւունք տուած է իւրաքանչիւր կաթողիկէ համայնքին, որպէսզի իր սեփական կանոնագիրը մշակէ, իսկ կանոնագիրը իրաւունք կու տայ Սինոդին, որպէսզի թեկնածուի յաջողութեան ձայներու թիւը նուազեցնէ։ Օրինակ՝ յոյն կաթողիկէները կանոնագիրը փոխած են եւ կրնան 10 քուէարկութիւն ընել երկու երրորդ տոկոսի համեմատութեամբ, չյաջողելու պարագային դիմեն մեծամասնութեան օրէնքին: Մեր եպիսկոպոսները չուզեցին այդ յօդուածը փոխել եւ ձգեցին ինչպէս որ կաթողիկէ եկեղեցիներուն կանոնագրին մէջ յիշուած է, այսինքն՝ ոեւէ միաբան պատրիարք-կաթողիկոս ընտրուելու համար պէտք է քուէներու երկու երրորդ ձայնը հաւաքէ: Եթէ հաշուենք, օրինակ՝ երկու թեկնածու ունինք եւ նկատի առնելով, որ իրենք իրաւունք չունին իրենց անուան քուէարկել, քանի որ արգիլուած է օրէնքով, ուրեմն 10 ձայն կը մնայ, մէկ թեկնածուն բնականաբար եթէ 3 ձայն հաւաքէ արդէն երկուքն ալ կը ձախողին: Մենք 15 օր ժողովէ վերջ երբ չկրցանք պատրիարք ընտրել, նամակ մը պատրաստեցինք ես ու Բերիոյ Կաթողիկէ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, ու այդ նամակը փոխանցեցինք Վատիկանի դեսպանին, որպէսզի իր կարգին յղէ Վատիկան: Վատիկանէն պատասխան ստացանք, որ մեզ Հռոմ կը հրաւիրեն 20 սեպտեմբերին: Այնտեղ ընտրութեան դարձեալ պիտի սկսինք երկու երրորդ ձայներու օրէնքով, բայց եթէ չյաջողինք, պիտի դիմենք մեծամասնութեան, որ աւելի հեշտ կը դարձնէ ընտրութեան գործընթացը: Եւ կը յուսանք, որ 25-26 սեպտեմբերին արդէն պիտի ունենանք նոր պատրիարք:

-Գերապայծառ, լրագրողներու շրջանակէն ներս տեղի կ՚ունենան զրոյցներ, թէ Սինոդին մէջ կան զանազան ազդեցութիւններ։ Շատեր այդ ազդեցութիւնները կը բնութագրեն որպէս արեւելեան եւ արեւմտեան։ Իրականութի՞ւն է նման բնութագրումները։

-Բացարձակապէս չկայ այդպիսի բան։ Ես ձեզ կը վստահեցնեմ, որ ոեւէ մէկը չի կրնար միջամուխ ըլլալ Ս. Սինոդի ընտրութիւններուն: Ծանօթ է, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ աշխարհականներուն մուտքը արգիլուած է եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ կուսակցական, կառավարական կամ աշխարհական ճնշումներ երբեք չեն կրնար բանեցուիլ։

-Իսկ Վատիկանի մէջ, ըստ ձեզի Վատիկանը կը միջամտէ՞: Կ՚ըսուի, թէ Վատիկանը ունի իր նախասիրութիւնը:

-Ո՛չ, Վատիկանը միայն օրէնքը կը բարեփոխէ: Այսինքն երկու երրորդ օրէնքով պիտի աշխատինք, սակայն եթէ չյաջողինք, ապա Վատիկանի թելադրանքով պիտի շարժինք եւ պիտի ընտրենք մեծամասնական օրէնքով։ Այլ խօսքով, այն թեկնածուն, որ ամենաշատ քուէները կը ստանայ, ապա ան կը դառնայ նորընտիր պատրիարք։ Իսկ ինչ կը վերաբերի այն խօսակցութիւններուն, ըստ որոնց Վատիկանը այս ընտրութիւններուն իր նախասիրութիւնը ունի, այդ ալ սխալ է։ Սխալ է, որովհետեւ պարզ տրամաբանութեամբ, եթէ այդպիսի բան ըլլար, Վատիկանը չէր սպասեր եւ կերպով մըն ալ կը միջամտէր մեր ընտրութիւններուն։

-Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ պիտի ըլլայ յառաջիկայ պատրիարքի գլխաւոր օրակարգը:

-Միջին Արեւելքը շատ մեծ վտանգի մէջ է: Դժբախտաբար ժողովուրդին աւելի քան 30 տոկոսը գաղթեց, մենք մեծ մտավախութիւն ունինք, որ մեր հաւատացեալները կը թողեն Միջին Արեւելքը ու Եւրոպա կամ Ամերիկա կը տեղափոխուին, իսկ եթէ այդ կողմերը հասնին, ձուլման վտանգը աւելիով կ՚աճի։ Բարեբախտաբար հայերը Հայաստան կը ներգաղթեն, հայրենիքի մէջ հայու ոգին վառ կը մնայ: Լիբանանը շատ կարեւոր գաղութ մըն է հայերուն համար եւ չենք ուզեր, որ հայերը լքեն Միջին Արեւելքը: Անկեղծօրէն ըսեմ, նախապէս երբ երիտասարդներ կ՚ուզէին գաղթել Ամերիկա կամ Եւրոպա, չէինք քաջալերեր զիրենք եւ կ՚ըսէինք Լիբանանը լաւ պիտի ըլլայ, բայց այս օրերուն պատճառաբանութիւն չունիմ իրենց տալու, որպէսզի չգաղթեն, որովհետեւ վիճակը անտանելի ծանր է։ Պէյրութի մէջ մեր համայնքը օրական 100 ընտանիքի ճաշ կը բաժնէ, ամսական դրութեամբ 1200 ընտանիքի ուտեստեղէնի օժանդակութիւն կը բաժնէ, նաեւ նիւթապէս կ՚օգնէ շատերուն, որպէսզի բուժում ստանան հիւանդանոցներու մէջ: Բազմաթիւ մտավախութիւններ ունինք. սուղութիւն, անվստահութիւն եւ անապահովութիւն:

Ամերիկան եւ Եւրոպան ներկայիս Աֆղանիստանով զբաղած են, Լիբանանը եւ Միջին Արեւելքը ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի իրենց համար: Մենք ուր պիտի հասնինք յայտնի չէ: Բայց գիտենք, որ մենք պէտք է շատ աղօթենք, որպէսզի գէթ տոկուն մնանք եւ կարենանք շարունակել մեր երթը։ Մենք իբրեւ հայեր եւ քրիստոնեաներ մեծ պարտականութիւն ունինք վկայութիւն տալու Քրիստոսի, քրիստոնէութեան եւ հայութեան մասին։ Հայութեան սիրտը Հայաստանէն ետք Լիբանանի Պուրճ Համուտի մէջ կը գտնուի, եթէ այդ սիրտն ալ դադրի բաբախելէ, ապա այդ պարագային շատ ծանր պիտի ըլլայ մեր վիճակը։

-Գերապայծառ ի՞նչ վիճակի մէջ է Պէյրութը այսօր:

-Երբ Լիբանանի պատերազմը վերջացաւ 1990-ականներուն, իշխանութեան եկան այնպիսի մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած էին գողութեամբ, նաեւ ատակ չէին երկիրը ղեկավարելու: 2019-ի հոկտեմբերի 17-ին, նոր յեղափոխութիւն մը սկսաւ Լիբանանի մէջ երիտասարդներու կողմէ, որոնք կ՚ուզէին արմատական փոփոխութիւններու հասնիլ, սակայն չկարողացան։ Տասնմէկ ամիսէ ի վեր Լիբանանը առանց կառավարութեան է, նոյնիսկ այսօր երբ կառավարութիւն կազմուեցաւ, իւրաքանչիւրը իր բաժնին մասին կը մտածէ, ոչ թէ ժողովուրդի մասին: Կենցաղային պայմանները դժուար են: Վառելանիւթի, հացի կամ այլ կենսական կարիքներու համար քաղաքացիները ժամերով հերթի պէտք է սպասեն։ Ելեկտրականութիւն ընդհանրապէս չկայ: Ժողովուրդը այլեւս յոգնեցաւ, իսկ ղեկավարները ունակ չեն լսելու ժողովուրդի բողոքի ձայնը։ Տարի մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով հարիւրաւոր զոհեր տուինք, բայց ղեկավարութիւնը իր վարուելակերպը չփոխեց եւ կը շարունակէ իր շահերը հետապնդել: Այսօր մենք լուրջ մտավախութիւն ունինք, թէ կրկին պատերազմ սկսի:

-Ամիսներ առաջ մարոնիներու Ռահին Պատրիարքը առաջին անգամ ըլլալով բացայայտ կերպով «Հիզպուլլահ»ը մեղադրեց, որ Լիբանանը կը մատնէ ծանր վիճակի։ Ան թիրախ դարձաւ քննադատութիւններու, նաեւ խօսուեցաւ, որ Լիբանանի հարցը պիտի միջազգայնացուի. դուք ի՞նչ կը մտածէք այս մասին:

-Պատրիարքին նպատակը միջազգայնացումն է, որովհտեւ երեսուն տարիէ ի վեր չենք կրցած լուծում մը գտնել: Իսկ ինչ կը վերաբերի «Հիզպուլլահ»ին, կարծես ան դարձած է պետութեան դերը ստանձնող մարմին եւ Իսրայէլի կողմէ եղած բոլոր սպառնալիքներուն պետութեան փոխարէն ինք կը հակադարձէ։ Պատրիարքին մտահոգութիւնը այն է, որ մեր երկրին որոշումը ո՛չ նախագահին, ո՛չ ալ վարչապետին ձեռքն է, այլ այդ կուսակցութեան։ Իսկ միւս կողմէ «Հիզպուլլահ»ը կ՚ըսէ, թէ տարիներ շարունակ մնացած ենք Իսրայէլի ճնշումներուն տակ եւ միշտ վախի մէջ ենք, հիմա ատենն է, որ զինուինք եւ մենք զմեզ պաշտպանենք: Ես ալ օր մը հեռատեսիլէն ելոյթ ունեցայ եւ յայտարարեցի, որ համաձայն եմ Մարոնի պատրիարքի յայտարարութեան հետ, ես ալ քննադատուեցայ նոյնիսկ կարգ մը հայերու կողմէ: Ես կը կարծեմ, որ այլեւս պէտք է ելլենք այս փապուղիէն: Հիմա կարելի է ըսել, որ բնակչութեան 60 տոկոսը «Հիզպուլլահ»ի դէմ է այն պատճառով, որ ինչու իրենք պիտի զինուին եւ իրենք պիտի խօսին Լիբանանի անունով, նաեւ ինչու երկրի պաշտպանութիւնը իրենց ձեռքը պիտի առնեն։

-Հռոմի Պապը վերջերս այցելեց Իրաք, ըսելու համար, թէ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները կարեւոր են եւ պէտք է գոյատեւեն: Այսօր քրիստոնէութիւնը կը գաղթէ։ Ո՞րն է ելքը ի վերջոյ։

-2011-էն ի վեր, ծայրայեղ իսլամութիւնը մէջտեղ ելաւ եւ սկսաւ ամէն տեղ մուտք գործել: ժողովուրդը վախ ու սոսկում ապրեցաւ եւ որոշեց գաղթել: Քրիստոնեաները այն զգացումը ունեցան, որ Միջին Արեւելքը այլեւս իրենց «չի պատկանիր»: Քորոնաժահրի համավարակէն առաջ, անձամբ Պապին հետ տեսակցեցայ եւ խնդրեցի, որ Սուրիա ալ այցելէ: Այնտեղ ալ պէտք ունին Քահայանապետի պէս առաջնորդի, որպէսզի քաջալերէ քրիստոնեաները մնալու Սուրիոյ մէջ: Ի վերջոյ Միջին Արեւելքը երեք միաստուածեան կրօններու լուսարանն է եւ մեր Տէրոջ Յիսուսի Քրիստոսի առաքելութիւնը անպայման պէտք է շարունակուի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021