ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ, նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։ Բազմաթիւ հարցերու շարքին ան այս առթիւ անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան։

Նախագահ Էրտողան նշեց, որ Կովկասէ ներս կայունութեան առումով այս շրջանին կարեւոր քայլեր առնուած են։ «Օգտագործելով ինքնապաշտպանութեան օրինական իրաւունքը՝ Ատրպէյճան վերջ տուած է սեփական տարածքներու բռնագրաւման, ինչ որ Անվտանգութեան խորհուրդի տարիներէ ի վեր չգործադրուած որոշումներուն ալ առարկայ էր։ Այս իրադարձութիւնը տարածքաշրջանէ ներս կարելիութիւն ընձեռած է նոր հնարաւորութեան պատուհաններու բացման՝ յանուն մշտական խաղաղութեան։ Մենք որոշած ենք աջակցիլ կողմերու առնելիք իւրաքանչիւր դրական քայլին», ըսաւ ան։

Ելոյթին ժամանակ Էրտողան Անգարայի դիրքորոշումը շեշտեց՝ միջազգային օրակարգի գրեթէ բոլոր կնճռոտ հարցերուն շուրջ։ Ան մասնաւորապէս ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ տասն տարի եւս չի կրնար շարունակել տագնապը։ Նոյն ամբողջին մէջ նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա կը կարեւորէ Ուքրայնայի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը՝ ներառեալ Խրիմը, որու բռնակցումը չի ճանչնար։ Բաց աստի, Չինաստանի տարածքային ամբողջականութեան հեռանկարով, թրքական կողմը համոզուած է, թէ շատ աւելի ջանք պէտք է գործադրել մահմետական Ույղուրի թուրքերու հիմնական իրաւունքներու պահպանման ուղղութեամբ։ Նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ Քաշմիրի հիմնախնդիրը 74 տարիէ ի վեր կը շարունակուի եւ Թուրքիա միշտ կողմնակից է, որ կողմերու միջեւ երկխօսութեան ճանապարհով եւ ՄԱԿ-ի որոշումներու շրջանակին մէջ լուծում մը ըլլայ։

Նիւ Եորքի շփումներուն ընթացքին Էրտողանի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, որ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021