ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Երէկ համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ հետեւեցան մեր բարերարներէն Տիգրան Կիւլմէզկիլի վերաբերեալ կարեւոր իրադարձութեան մը։ Այսպէս, յայտնի բարերարը կարեւոր յանձնառութեամբ մը հանդէս կու գայ այս անգամ մարզական աշխարհէն ներս, ինչ որ արժանացած է ամբողջ հանրային կարծիքին անմիջական ուշադրութեան։ Տիգրան Կիւլմէզկիլ մարմնամարզին կարեւոր խրախուսանք մը կը բերէ եւ իր «Չաղտաշ ֆաքթորինկ» ընկերութիւնը արդէն պաշտօնապէս դարձած է Կալաթասարայ մարզակումբի պասքեթպոլի կանանց կազմի հովանաւորը։

Երէկ, համապատասխան փաստաթուղթի ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կալաթասարայ մարզակումբի «Ալի Սամի Եէն» մարզական համալիրէն ներս։ Սէյրանթեփէի մարզադաշտի վարչական համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ստորագրութեան արարողութիւնը, որու ընթացքին Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպէք հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ ստորագրեցին փաստաթուղթը։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերեցին այս իրադարձութեան նկատմամբ՝ մինչ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ Տուրսուն Էօզպէք հանդէս եկան ամփոփ ելոյթներով։ Ինչպէս ծանօթ է, Տիգրան Կիւլմէզկիլ միեւնոյն ժամանակ ներկայիս մաս կը կազմէ Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութեան։ Երէկուան հանդիսութեան ընթացքին Տուրսուն Էօզպէք շեշտեց, որ Տիգրան Կիւլմէզկիլ վերջին շրջանին լուրջ զօրակցութիւն կը ցուցաբերէ մարզակումբին ի նպաստ։ Իր խօսքով՝ վարչութեան անդամ ըլլալու առընթեր, Տիգրան Կիւլմէզկիլ կ՚ընդառաջէ մարզակումբին տեսակէտէ անհրաժեշտ կարիքները դիմագրաւելու ճանապարհին ուղղուած բոլոր կոչերուն։ Տուրսուն Էօզպէք յիշեցուց, որ Տիգրան Կիւլմէզկիլ վերջերս Գուրուչէշմէի Կալաթասարայի կղզիի գործունէութեան վերաշխուժացման ուղղութեամբ ալ կարեւոր ներդրում մը ունեցած է։ Իսկ այս անգամ Տիգրան Կիւլմէզկիլ կը հանդիսանայ Կալաթասարայի կանանց պասքեթպոլի կազմի հովանաւորը։ Նախագահ Էօզպէք յիշեցուց, որ մօտաւոր անցեալին այս կազմը Եւրոպայի ախոյեան եղած էր եւ յառաջիկայ շրջանին ալ ունի յաւակնոտ նպատակներ։ Իր կարգին, Տիգրան Կիւլմէզկիլն ալ նշեց, որ կը ջանայ իր հնարաւորը ընել մարզակումբի վերելքին համար։

Ստորագրման արարողութեան եւ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հարցումներուն տրուած պատասխաններէն վերջ, Տուրսուն Էօզպէք եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ ջերմօրէն շրջապատուեցան մարզիկներու եւ մարզիչներու կազմին կողմէ։ Բոլորը լաւատեսութեամբ եւ յոյսով տոգորուած էին յառաջիկայ մարզական շրջանին համար։

Երէկուան արարողութեան ընթացքին Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողքին էին իր դուստրը՝ Մելիսսա Կիւլմէզկիլ-Պաղ եւ փեսան՝ Ալէն Պաղ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022