ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ԴԷՊՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԴԷՊԻ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի բանակը երէկ երեկոյեան դարձեալ յարձակում մը իրականացուց Հայաստանի դէմ։ Ժամը 20.00-ի սահմաններուն տեղի ունեցան բախումները։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներու կիրառումով կրակ բացին Հայաստանի սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայկական զօրքերու պատասխան գործողութիւններով կրակը դադրեցուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ ժամը 21.30-ի դրութեամբ սահմանին վրայ իրադրութիւնը վերստին կայուն վիճակ ստացած է, կրակոցներ չեն հնչած։ Երէկուան դէպքերուն հետեւանքով հայկական կողմը ունեցած է վիրաւոր մը։

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր կը մեկնի Նիւ Եորք, ուր ՄԱԿ-ի նոր՝ 77-րդ նստաշրջանի բացման փուլին ելոյթով մը հանդէս կու գայ եւ կ՚ունենայ շարք մը հանդիպումներ։ 22-24 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենան Փաշինեանի շփումները։ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն միջազգային հանրութեան խօսք պիտի ուղղէ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի չափազանց լարուածութեամբ պայմանաւորուած իրադրութեան մէջ։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, որ արդէն Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի, երէկ, հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը ընդգծեց Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ Ատրպէյճանի զօրքերու նախկին դիրքերու վերադարձման անհրաժեշտութիւնը։

Արարատ Միրզոյեան երէկ Նիւ Եորքի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2022