Հինգ Տարուան Ընթացքին «Տաթեւեր» Ճոպանուղիէն Օգտուած Է շուրջ 430 հազար Ուղեւոր
«Տաթեւեր» ճոպանուղին արդէն հինգ տարեկան է: Հինգ տարի առաջ, 2010 թուականի Հոկտեմբերի 16-ին գործարկուեցաւ աշխարհի ամենաերկար յետադարձ ճոպանուղին՝ անցնելով Որոտանի կիրճի վրայով եւ հնարաւորութիւն ընձեռելով Հալիձորէն Տաթեւի միջնադարեան վանական համալիր հասնիլ կարճ, յարմարաւէտ օդային ճանապարհով:
Գործարկումէն ի վեր ճոպանուղիէն օգտուած է շուրջ 430 հազար ուղեւոր, միայն այս տարուան ինն ամիսներուն՝ շուրջ 90 հազար այցելու: Մինչեւ ճոպանուղիի կառուցումը տարեկան Տաթեւ այցելողներուն թիւը չէր գերազանցեր 7 հազարը: Այս մասին կը յայտնեն «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի հանրային կապերու բաժնէն:
Հինգ տարիներու ընթացքին ճոպանուղին իւրօրինակ խթան դարձած է տարած-քաշրջանի զարգացման համար: Զբօսաշրջային հոսքերու աճը նաեւ նպաստած է համապատասխան ենթակառուցուածքներու զարգացման. վերջին հինգ տարուան ընթացքին Գորիսի մէջ բացուած է տասը նոր հիւրանոց, վանական համալիրի յարակից համայնքներուն մէջ կը գործեն շուրջ երկու տասնեակ հիւրատուներ, սպասարկման այլ կառոյցներ:
«Տաթեւեր» ճոպանուղին նաեւ տեղւոյն բնակիչներուն համար աշխատատեղիներու, գիւղամթերքի իրացման, զբօսաշրջային առաջարկներու մշակման նոր հնարաւորութիւններ ստեղծած է: Ճոպանուղիի շուրջ վաթսուն աշխատակիցներուն մեծ մասը տեղացիներ են:
«Ճոպանուղիին շնորհիւ Տաթեւը դարձած է Հայաստանի ամենահետաքրքրական զբօսաշրջային ուղղութիւններէն մէկը եւ իր առանձնայատուկ տեղը ունի զբօսաշրջային գործակալութիւններու ծրարներուն մէմ: Անիկա նաեւ կը նպաստէ Հանրապետութեան «հարաւային միջանցք» ուղղութեան զարգացման, քանի որ դէպի Տաթեւ ուղեւորուող զբօսաշրջիկները ճանապարհին կանգ կ՚առնեն Խոր Վիրապ, Նորավանք, Արենի եւ Զօրաց քարեր, կ՚օգտուին մատուցուող տարբեր ծառայութիւններէ», նշած է «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ղեկավար Հայկ Թութունճեան:
«Տաթեւեր»ու առաջին յոբելեանի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ղեկավար Հայկ Թութունճեան շնորհակալագրեր յանձնած է զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ համագործակցութեան եւ Տաթեւը՝ որպէս զբօսաշրջային ուղղութիւն զարգացնելու գործին մէջ ունեցած ներդրման համար:
«Մենք նաեւ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք ճոպանուղիի սպարարկման ու միջազգային չափանիշներուն համապատասխան ծառայութիւններու ներդրման: Գարնան ներդրուած էր աշխարհի մէջ լաւագոյններէն մէկը համարուող՝ SKIDATA ընկերութեան տոմսերու վաճառքի միջազգային համակարգը, իսկ ամրան, զբօսաշրջային ամենաաշխոյժ շրջանին, գործարկուեցաւ տոմսերու վաճառքի առցանց համակարգը՝ էապէս դիւացնելով տոմսերու ձեռքբերման գործընթացը», նշած է «Տաթեւեր»ու տնօրէն Վահէ Պաղտասարեան՝ ընդգծելով, որ ճապանուղիի աշխատակիցներուն համար մշտապէս վերապատրաստման դասընթացքներ կը կազմակերպուին՝ մասնագիտական հմտութիւններու բարձրացման նպատակով:
«Տաթեւեր» ճոպանուղին կառուցուած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ծիրէն ներս: Անիկա արձանագրուած է մրցանակներու Կինէսի գիրքին մէջ՝ ոչ միայն որպէս աշխարհի ամենաերկար յետադարձելի, այլեւ որպէս ամենակարճ ժամանակահատուածին (տասը ամիս) կառուցուած ճոպանուղի: